2015-01-22 08:49:14

Թել Աւիւի մէջ պաղեստինցի մը 13 իսրայէլացիներ վիրաւորեց։


Դաշոյնով զինուած պաղեստինցի մը Թել Աւիւի Մաարիւ շրջանին մէջ վիրաւորեց 13 իսրայէլացիներ, որոնցմէ վեցը` ծանրօրէն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մեծաթիւ ոստիկաններ ուղղուած են դէպքին վայրը:
Իսրայէլեան աղբիւրները նաեւ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակը Թուլքարմ շրջանէն պաղեստինցի մըն է, որ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէ առաջ ոտքէն վիրաւորուած է:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ իսրայէլացի նախարարներ միջադէպին համար պատասխանատու նկատեցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը:
Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս յարձակումը հետեւանքն է Պաղեստինեան իշխանութեան` հրեաներուն եւ Իսրայէլի պետութեան դէմ կատարած թունաւոր գրգռութեան»` աւելցնելով. «Նոյն ահաբեկչութիւնը կը փորձէ Փարիզի, Պրիւքսէլի մէջ եւ ամէնուրեք հրեաները թիրախ դարձնել»:
Ան վստահեցուց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ խիստ ու վճռակամ կերպով գործել ահաբեկչութեան դէմ եւ պիտի երաշխաւորէ, որ ահաբեկչութիւնը իր նպատակները չիրագործէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.