2015-01-22 09:48:05

Ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային 49-րդ օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագ եւ մամլոյ ասուլիս։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ`ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու պաշտպան սուրբ` ս. Ֆրանչիսկոս Սալեզացիի տօնին առթիւ եւ Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրուայ հրապարակած պատգամին առթիւ, հանդիսաւոր սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի ուրբաթ` 23 Յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սրբուհի Մարիամ Դրասփոնդինա կոչուած եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Զոհը կը գլխաւորէ գերապայծառ Քլաուտիա Մարիա Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին մինչ երգեցողութիւնը կը կատարէ Վատիկանի Ռատիոկայանի երկսեռ, բազմաձայն երգչախումբը։
Յետ Սուրբ պատարագի արարողութեան` Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճին, մէջ տեղի կ՝ունենայ նաեւ մամլոյ ասուլիս, ներկայացնելու համար
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընկերային հաղորդակցութեան համաշխարհային 49-րդ օրուայ առթիւ հրատարակուած պատգամը որուն կեդրոնական նիւթն է ''հաղորդել ընտանիքը. առանձնաշնորհեալ միջավայր ձրի սիրոյ հանդիպումին'', մամլոյ ասուլիսին, ելոյթ կ՝ունենայ , Քահանայապետական ընկերային հաղորդակցութեան խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Քլաուտիօ Մարի Չէլլի։
Իսկ աշխարհական դասէն՝ Միլանոյի Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանի գրականական եւ իմաստասիրական բաժանմունքի դասատու` Քիարա Ճիաքքարտի եւ վերոնշեալ համալսարանի Քաղաքաընկերային մասնճիւղի անդամ փրօֆ Մաուրօ Մակաթթի։
Քահանայապետի ընկերային հաղորդակցութեան համաշխարհային 49-րդ օրուայ պատգամը լոյս պիտի տեսնէ հետեւեալ լեզուներով, Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն. Սպաներէն. Փորթուկալերէն եւ Լեհերէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.