2015-01-21 09:15:29

Քրիստոնեաներն ու մահմետականները միակամ պայքար կը մղեն ծայրայեղականներու դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Սաքօ խօսք առնելով Պաղտատի մէջ, ''Center for Diversity Management'' հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովին ըսաւ` իսլամ մեր եղբայրներուն կ’իյնայ նախաձեռնել դաւանական բնոյթ ունեցող քարոզչութիւն մը որեւէ խտրականութեան դէմ։
Պատրիարքը` խօսքը ուղղելով աշխարհասփիւռ աւելի քան մէկ ու կէս միլիառ մահմետականներուն, հրաւիրեց զանոնք պայքարելու ծայրայեղ ամէն գաղափարախօսութեան դէմ։ Նման առաջարկի մը յաջողութիւնը կախեալ է նոյնինքն հաւատացեալ իսլամներուն նեցուկէն ու անոնց մասնակցութիւնէն։
Պատրիարքը նոյնպէս խօսեցաւ Մոսուլի քրիստոնեաներու ողբալի կացութեան մասին, ուր անցեալ ամառ աւելի քան կէս միլիոն քրիստոնեաներ տեղահան եղան իսլամ պետութեան բռնագրաւումներու հետեւանքով։ Քրիստոնեաները Մուսուլի մէջ մեծամասնութիւն էին եւ նպաստեցին Իրաքի շինութեան ու բարօրութեան ինչպէս նաեւ իսլամ մշակոյթին։ Իրաքի ներկայ բարդ պատմութեան հետեւանքով պատրիարք Սաքօ առաջարկեց ծրագիր մը երեք կէտերով. Վերատեսութիւնը ու մեկնաբանութիւնը սուրբ գիրքերու. Փոխադարձաբար իրար զիրար ընդունիլ որպէս եղբայրներ ու քաղաքացիներ եւ սահմանել կրօնական ու քաղաքական հեղինակութիւնը նուաճելու համար բռնութեան բոլոր եղանակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.