2015-01-21 09:06:31

Սրբուհի Ագնէսին տօնին առթիւ, օրհնուած գառնուկներու ներկայացում Սրբազան Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկան։ Այսօր՝ 21 յունուար 2015-ին՝ տօնն է Սրբուհի Ագնէսին՝ կոյս եւ մարտիրոս (ըստ լատինաց)։
Սոյն տօնին առթիւ` աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ 2 նորածին գառնուկներ որուն բուրդով ապա կը հիւսուի ''Պալիումը'' կամ Եմիփերոնը։ Պալիումը կամ եմիփերոնը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը ունի խաչի հինգ զարդարանք՝ որ կը յիշեցնեն Յիսուսի վէրքերը։
Պալիումի գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղերով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ կրած վէրքերը։ Պալիում կը շնորհուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։
Չորեքշաբթի 21 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 8.50 անց, Տոմուս Սանթա Մարթայի մուտքին, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց իրեն ներկայացուած նորածին գառնուկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.