2015-01-21 13:09:31

Նոր Մարմին մը Հաւատոյ ժողովէն ներս


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 յունուար 2015-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արդարադատական հարցերու հայող վճիռով ստեղծեց նոր խորհուրդ մը հաւատոյ ժողովին ներքեւ։
Վճիռին կէտնպատակն է նոր մարմին մը ստեղծել քննարկելու եկեղեցականներու դիմումները հայող հաւատքի (հաւատուրացութիւն, հերետիկոսութիւն....), խորհուրդներուն եւ բարոյականին ինչպէս` ծանր յանցագործութիւն Ս. Հաղորդութեան դէմ` սրբութեան գողութիւն ու պղծում։
Սրբազան Քահանայապետը այս վճիռով, ըսաւ հայր Լոմպարտին` տնօրէնը Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին, կ'ուզէ թեթեւցնել Հաւատոյ ժողովի արդարադատութեան աշխատանքը ու կանխարգիլել դիմումներու կուտակումը։
Յայտնենք որ Հաւատոյ Ժողովը կը գործէ պատժական, դատական ու վարչական արդարադատութեան միջոցաւ։ Վճիռին առաջին յօդուածը կը հաստատէ որ մարմինը կը կազմուի 7 կարդինալներէ կամ եպիսկոպոսներէ։ Երկրորդ յօդուածը` բոլոր մարմնի անդամներն ու նախագահը քահանայապետէն կը նշանակուին։
Հայր Լոմպարտին յայտնեց որ Քահանայապետին այս վճիռը առընչուած է Քահանայապետի մղած մանկամոլութեան դէմ պայքարին։
Նոր Խորհուրդի ադամանդներն են. նախագահ` գերապայծառ Շարլ Շիքլունա, անդամներ` Կարդինալ Զէնոն Կրոքոլեվսքի, Կարդինալ Աթթիլիօ Նիքորա, Կարդինալ Ֆրանչէսքօ Քոքքոփալմիէրօ, Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտի, գերապայծառ Խոսէ Լուիս Մոլլական եւ գերապայծառ Խուան Ինիացիօ Արրիէթա Ոքոա Տէ Քինքեդրու։








All the contents on this site are copyrighted ©.