2015-01-21 12:29:49

Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան։


Չորեքշաբթի` 21 յունուար 2015-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մեկնեցաւ Թեհրան հովուական այցելութեամբ: Չորեքշաբթի՝ 28 յունուար 2015-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Թեհրանէն պիտի մեկնի Երեւան, յաջորդ օրը մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստին։ Ան իր նստաւայրը պիտի վերադառնայ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին:
Այս ճամբորդութիւններուն Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պիտի ուղեկցի հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեան

Յայտնենք նաեւ թէ 20 յունուար 2015-ի երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալթայի Բարձր Կարգի դեսպան՝ Շարլ Հանրի Տարակոնի այցելութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Լիբանանի կացութիւնը եւ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը։ Պարոն դեսպանը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց իր երկրին կողմէ գաղթականներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանցի կարիքաւորներուն մատուցուած օգնութիւններու մասին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ մեծարգոյ հիւրը այս հանդիպումը նկատեցին սկզբնաւորութիւնը ապագայ մարդասիրական համախորհուրդ գործունէութիւններուն։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ տիկին Անի Գալուստ :
Իսկ Կիրակի` 18 յունուար 2015 երեկոյեան ժամը 9:30-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելեցին ՛CNEWA՛-ի Գանատայի տնօրէն Գարլ Հէթու եւ Մոնրէալի «Սէն ժան Լոնկէոյ»-ի եպիսկոպոս եւ Գանատայի եպիսկոպոսաց ժողովի գանձապահ արհիապատիւ Լիոնէլ Ժանտրօ։ Հիւրերը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ քննարկեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան, Լիբանանի կաթողիկէ եղեցիներու իրավիճակին եւ սուրիացի քաղթականներուն օգնութեան վերաբերեալ հարցեր: Հանդիպումին ներկայ եղան հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ տիկին Անի Գալուստ :








All the contents on this site are copyrighted ©.