2015-01-21 09:44:01

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Փախուստ մուրճի հարուածէն


Երկաթի գործարաններու ամէնէն արդիական տեսակները ներկայիս համակարգիչներու ստացած հրահանգներով կը բանին: Գիշեր թէ ցերեկ, նախապէս լարուած ըլլալով, ամէնէն նուրբ սղոցներով եւ սրածայր գրիչի նմանող տաշոցներով, երկաթի հսկայ զանգուածներ կը տաշուին, կը յղկուին ու մեքենաները գործի դնող մասնիկներու կը վերածուին: Չափերու իմաստով ամէնէն փոքր շեղումն իսկ անընդունելի պիտի ըլլար այս մասերու պատրաստութեան պարագային, որովհետեւ իր նպատակին չի՛ ծառայեր, եթէ մեծ կամ փոքր ըլլայ:
Գործարաններու այս գերարդիական գործիքները սակայն, ամբողջովին կատարելագործուած չեն, անկատար են։ Թերութիւններ միշտ կ՛երեւին անոնց գործունէութեան ընթացքին:
Մարդը, որուն ներկայութիւնը մեքենականացած աշխարհին մէջ սկսեր էր «աւելորդ» համարուելու, դարձեալ անհրաժեշտ նկատուեցաւ, եւ նոյնիսկ ամէնէն կատարելագործուած համարուող մեքենաներուն գլխուն կանգնիլը՝ պարտադիր եղաւ: Ինքնաշարժներ պատրաստող այնքան կատարելագործուած մեքենաներու կողքին միշտ կանգնած են մարդիկ, այր թէ կին, որոնք երբեմն ամէնէն փոքր մասնիկներու ամրացման եւ իրենց տեղը գտնուելուն կը հսկեն աչալրջութեամբ, կանխելու համար անոնց ապագայի ձախող հետեւանքները:
Գործարաններու աշխատանքային ընդհանուր գործունէութեան մէջ պատկեր մը կայ, որ այնքան նման է մարդկային կեանքի մէկ երեւոյթին:
Վստահաբար տեսած էք, կամ կրնաք պատկերացնել, թէ գունդի նմանող փոքր մասնիկներ պատրաստած ժամանակ շա՛տ սխալներ կրնան տեղի ունենալ, երբ գործիքին մուրճը զանոնք տափակցնելու հարուածային իր աշխատանքի պահուն, անոնցմէ շատերը աջ ու ձախ կը թռչին, կարծէք փախչելով իրենց գլխուն իջնելիք հարուածէն: Գետին ինկածներէն մի քանին դարձեալ կարելի կ՛ըլլայ հաւաքել, երբ միջանցքներուն մէջ յայտնուին: Սակայն անոնք, որոնք թանձր մարմիններով երկաթեայ մեքենաներուն տակ երթան ու այնտեղ «պահուըտին», անկարելի կ՛ըլլայ զանոնք դուրս բերել իրենց «թաքստոց»էն:
Մարդկային կեանքը շատ չի՛ տարբերիր վերոյիշեալ երեւոյթէն:
«Մուրճի հարուածին» տակ կքող մարդոց իրավիճակը իսկապէս խղճալի երեւոյթ մը կը պարզէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս: Ընկերութեան մէջ ունեցած իրենց համեստ դիրքը, երբեմն կեանքի ձախորդութիւնները, ամէնուրեք երեւցող բացայայտ անարդարութիւնը, կամ նոյնիսկ տուեալ անձին չափազանց բարութեան հետեւանք եղող ժխտական արդիւնքները, ճիշդ այդ մեքենաներու մուրճի հարուածներուն նման ուղղակի մարդու գլխուն կ՛իջնեն: Այդ հարուածներու ուժգնութեան տակ, ոմանք կը ճզմուին, այնպէս ինչպէս մեքենայի հարուածին տակ կլոր գունդերը կը տափակնան ու տարբեր ձեւ կը ստանան: Ատիկա գունդին կամքով տեղի չ՛ունենար, այլ՝ մեքենայի խիստ ու հեղինակաւոր որոշման կ՛ենթարկուի: Մինչդեռ այդ գունդերէն մի քանին, բախտի բերումով կամ իրենց յատուկ ճարպիկութեամբ, կամ նախապէս մասնաւոր իւղի թաթխուած ըլլալով, յանկարծ կը յաջողին սպրդիլ մուրճի հարուածէն ու իյնալ ազատ աշխարհին դաշտը:
Խօսքը, որուն ծանրութիւնը ո՛չ ոք կրցած է ցարդ չափել, ամէնէն հզօր մուրճն է, որուն լախտի հարուածէն վերապրիլը հրաշքի համազօր երեւոյթ պէտք է համարել: Մինչեւ հիմա լսուած, խօսուած ու գրուած էր խօսքին «այրող կրակ», «վիրաւորող դանակ» եւ այլ վնասակար յատկութիւններուն մասին: Սակայն, խօսքին «մուրճի հարուած» ըլլալուն մասին գէթ մենք չէինք արտայայտուած ցարդ:
Ասիկա գործատէր կամ հանգամանաւոր մարդոց յատուկ «տկարութիւններէն» է: Իրենցմէ աւելի ստորադաս կամ իրենց ենթակայ մարդոց նկատմամբ հեղինակաւոր վերաբերումի ամէնէն դիւրին միջոցներէն մէկն է այս «մուրճին» օգտագործումը: Երբ մեր ուզածը չըլլայ, կամ մեր ծրագրածին համաձայն չընթանայ աշխատանքը, շուտով այս մուրճը կը գործածենք, վերահաստատելու համար մեր ենթադրաբար ունեցած առաւելութիւնը մեր նմաններուն վրայ:
Բոլորս ալ ադամորդիներ են, ի վերջոյ պիտի կրենք նոյն վերջնական ճակատագիրը՝ հողայնացումը: Սակայն, կը տեսնենք, որ պաշտօնի, հանգամանքի, նիւթական հարստութեան կամ այլ պատճառներով, ոմանք կը կարծեն, թէ առաւելութիւն մը ունին ուրիշներու վրայ: Ատիկա խաբուսիկ ու անրջային պահ մըն է մարդու կեանքին մէջ, որուն իսկութեան կը ծանօթանայ մարդ, երբ թեթեւ հիւանդութեան մը բռնուի եւ գիտնայ իր անզօր ըլլալը բնութեան դիմաց:
Բնական աղէտներն ալ երբեմն դաստիարակիչ կ՛ըլլան նման մարդոց համար, երբ տեսնեն, թէ երկրաշարժի նման երեւոյթներ իրենց հեղինակութենէն դուրս կը մնան, իսկ իրենց ամբարած ամբողջ իշխանութիւնը եւ հարստութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն զայն կանխարգիլելու առումով:
Մուրճի հարուածէն փախուստը շատ քիչերու բախտին մէջ գրուած է: Մարդկութեան մեծ մասը առօրեայ դրութեամբ մուրճի հարուածներուն տակն է ու ստիպողաբար կ՛ընդունի այն ձեւը, որ իրեն կը պարտադրուի զօրաւորներէն: Վերջապէս մուրճին երկաթէ ձուլուած պինդ մարմինը պղինձէն, արծաթէն, նոյնիսկ ոսկիէն աւելի զօրաւոր է: Այսինքն, առաւելութիւն մի՛ նկատեր ըլլալդ ազնիւ մետաղ, որուն հանդէպ հաւանական համարէիր մուրճին կողմէ ցուցաբերուելիք խիղճը: Մուրճը խիղճ չի՛ կրնար ունենալ: Անոր առաքելութիւնը ի վերուստ՝ հարուածել է, եւ միա՛յն հարուածել: Եթէ դուն կրնաս օգտագործել խելքդ եւ ճարտարութիւնը ունիս հեռանալու անոր վճռորոշ հարուածներէն, ուրեմն հեռացի՛ր անոր աշխատանքին համար սահմանուած շրջագիծէն, ճզմուելով չտափակնալու եւ ուրիշին ծրագրած ձեւը ստանալով, ինքութիւնդ չկորսնցնելու նպատակով:







All the contents on this site are copyrighted ©.