2015-01-21 09:44:23

Ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի նախագահ կարդինալ Ֆիլոնիի այցը Վիէթնամի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 յունուարին, ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի նախագահ` կարդինալ Ֆիլոնի, Ասիոյ ցամաքամասի երկիրներու տուած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Վիէթնամի Հանոյ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վիէթնամի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ։
Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ , կարդինալը շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոոսաց դասին հրաւէրին որ առիթ հանդիսացաւ իր աչքերով դիտելու Վիէթնամի հաւատացեալներու կենսունակութիւնն ու անոնց հաստատ հաւատքը։
Կարդինալը յորդորեց եպիսկոպոսները շահագրգռելու հաւատացեալները որպէսզի նպաստեն երկրին բարգաւաճումին։ Աւետարանցաման ուղեւորութիւնը դիւրիչն ճանապարհ մը չէ, եւ որպէս տիպար պէտք է ունենալ Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկոս Սավէրիոն որովհետեւ ան ցոյց կու տայ ինչպէս համբերութեամբ եւ ուշիմութեամբ յառաջ կ՝ընթանանք յատկապէս երկխօսութեան մէջ – ըսաւ Կարդինալ Ֆիլոնին։







All the contents on this site are copyrighted ©.