2015-01-21 09:05:53

Արաբական եւ իսլամական ուսմանց քահանայապետական հաստատութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Արաբական եւ իսլամական ուսմանց քահանայապետական հաստատութիւնը` 22-24 Յունուար 2015 կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձը, կազմակերպելով միջազգային ժողով մը Հռոմի Ուրպանեան համալսարանի մէջ. ''սորվիլ ու ըմբռնել ուրիշի կրօնքը'' նիւթին մասին։
Ժողովին աւարտին մասնակցողները յատուկ ունկնդրութիւն պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Գիտաժողովին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը Գահիրէի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Միքայէլ Ֆիդսկէրալտի, կաթողիկէ եւ իսլամ աշխարհի աշխարհաճանաչ դասախօսներ` ԱՄՆէն, Իտալիայէն, Ս. Երկրէն, Ինդոնեզիայէն եւ Յորդանանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.