2015-01-20 10:12:18

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի ճամբորդութիւնը կարելի է ամփոփել երեք բառերով՝ յարգանք, աղքատներն ու ընտանիքը:


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջ գտաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի առաքելական ճամբորդութիւնը` ճամբորդութիւն մը որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ երեք բառերով` յարգանք, աղքատներ, ընտանիք։
Բիւրաւոր մարդիկ Մանիլայի փողոցները թափուեցան իրենց վերջին ողջոյնը տալու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Դէպի Հռոմ թռիչքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի հեռագրեր ուղարկեց բոլոր այն նախագահներու երկիրներու, որու վրայէն անցաւ։
Չինաստանի նախագահին ուղղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց ‘’իմ աղօթքս կ՛ապահովեմ ձեզի ու Չինաստանի բոլոր ժողովուրդին, ձեր վրայ հայցելով առատ օրհնութիւններ, ներդաշնակութիւն ու բարօրութիւն’’։
Քահանայապետը վերջին ճամբորդութեան ընթացքին հաստատեց, որ ատելութիւնը ու բռնութիւնը կարելի է յաղթահարել միմիայն բարութեան զօրութեամբ ու ամէն անհատի յարգանքով։ Եկեղեցին եւս դարերու հոլովոյթին սորվեցաւ այլ կրօնները ընդունիլ ու յարգել։ Երկխօսութիւնը էական է իրար զիրար հասկնալու ու յարգելու համար։ Միաժամանակ արտօնելու չենք որ կրօնական հաւատալիքներու անունով բռնութիւն բանեցուի։ Յանուն Աստուծոյ մարդ սպաննելը, ոլորումն է եւ այդ պարագային հարկաւոր է մեղադրել, բացականչեց Սրբազան Քահանայապետը, ընդգծելով որ ընդունելի չէ կրօնք մը նախատել կամ ծաղրել։ Ազատութեան իրաւունքը եւս ունի իր սահմանը։ Հետեւաբար յարգանքը խաղաղութիւն յառաջ կը բերէ։
Աղքատներու մասին խօսելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ հարկաւոր է պայքարիլ գայթակղեցուցիչ անհաւասարութեան դէմ։ Հրամայական է երաշխաւորել ընկերային արդարութիւնը, անսալ աղքատներու աղաղակին։ Աղքատները պէտք չունին մեր ողորմութեան։ Հարկաւոր է պայքարիլ ապականութեան, եսասիրութեան դէմ ու աղքատներուն վերադարձնել արժանաւորութիւնն ու իրաւունքը։ Անդրադառնալով ընտանիքին մասին, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց որ ընտանիքը եւ ամուսնութիւնը թիրախ են հզօր ոյժերու։ Արթուն կենանք ու հսկենք գաղափարախօսական նոր հոսանքներուն վրայ, որոնք կը միտին կործանել ընտանիքը յարաբերականութեան ու վաղանցուկ եւ կարճատեւ մշակոյթի միջոցաւ։ Ամէն մէկ սպառնալիքը ընտանիքի դէմ սպառնալիք մըն է ընկերութեան դէմ։ Ապագան կախում ունի ընտանիքէն։ Ուստի հարկաւոր է պաշտպանել ու նախանձախնդիր ըլլալ ընտանիքին հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.