2015-01-20 11:12:33

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հազարաւորներու մասնակցութեամբ Տինքի յիշատակի ոգեկոչում


«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը, կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուած են հազարաւոր մարդիկ: Ներկաները իրենց առջեւ պահած են մեծ պաստառ մը` «Առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեան հետ» վերտառութեամբ:
Քայլարշաւը գլխաւորած են Տինքի ընտանիքը, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Ումութ Օրան, Սեզկին Թանրըքուլու, Շաֆաք Փավէյ: Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Կեզիի դէպքերուն ժամանակ սպաննուած 15-ամեայ Պերքին Էլվանի ընտանիքը:
Ներկաներէն ոմանք իրենց ձեռքերով բռնած են պաստառներ «Այս Հրանդ Տինքի պողոտան է, այս Հրանդ Տինքի քաղաքն է, այս Հրանդ Տինքի երկիրն է» եւ «1915-էն մինչեւ Հրանդ. կոտորածը կը շարունակուի» գրութիւններով:
Հաւաքին մասնակիցները քայլարշաւ կատարած են եւ հաւաքուած «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ` այն վայրին մէջ, ուր ութ տարի առաջ դաւադիր կերպով սպաննուեցաւ Տինք: Խմբագրատան մօտ եւս տեղադրուած են պաստառներ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», «Քանի տակաւին մենք չենք ըսած, այս դատը պիտի չաւարտի» վերտառութիւններով:
Յիշեցնենք, որ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.