2015-01-20 10:12:28

Հռոմ ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապը Տիրամօր նուիրեց փունջ մը ծաղիկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 19 յունուար 2015-ի, յետմիջօրէի ժամը 17.38, Մանիլայէն Հռոմ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը փոխադրող թռիչքը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամբինօ օդակայան։
Թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը, երկարատեւ զրոյց մը ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, որուն ընթացքին անդրադարձաւ` միջազգային առաքելական եօթներորդ ճամբորդութեան կարեւոր հանգրուաններուն մասին, եւ ճամբորդութեան ընթացքին իր ունեցած տպաւորութիւններու մասին, անդրադառնալով նաեւ 2015 տարուայ յառաջիկայ ճամբորդութիւններուն, ինչպէս նաեւ աղքատներուն եւ ընտանիքի մասին։
Հազիւ Հռոմ ժամանած, նախ քան Վատիկան փոխադրուիլը, Ֆրանչիսկոս Պապը, իր սովորութեան համաձայն, այցելութիւն կատարեց Հռոմի՝ Տիրամօր նուիրուած ''Մարիա Մաճորէ տաճարին'', ուր ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ զետեղեց փունջ մը ծաղիկ որ Ֆիլփինի մէջ, իրենց նուիրած էր մայրապետ մը։ Սրբազան Հայրը ապա պահ մը սփոփուեցաւ աղօթքի մէջ երախտագիտութիւն յայտնելու Աստուածամօր իր այս առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան համար ու ապա վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.