2015-01-20 11:33:18

Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան նուիրուած միջեկեղեցական արարողութիւն


Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան: Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներուն մէջ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ յատուկ միջեկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ քարոզներ կը խօսուին` շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:
Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.