2015-01-20 10:53:53

''Ապաշխարանքի ու դարձի հոգեւոր համամիութիւնը'', Կարդինալ Քոխի խորհրդածութիւնը Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի մէջ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կ՛եզրափակուի 25 յունուար 2015-ին, ս. Պօղոսի անուան Պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած երեկոյեան ժամասացութեամբ որուն կը մասնակցին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով` 4 դեկտեմբեր 1965-ին երբ ան նախքան վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի փակումը, հրաւիրեց Ժողովին մասնակցող քոյր եկեղեցիներու դէտերը հասարակաց աղօթք մը կատարելու ս. Պօղոս Պազիլիքային մէջ։
Այդ առթիւ ան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ հետեւեալը ըսաւ. ''ձեր մեկնումը, մեզի համար, վերջ մը պիտի չըլլայ այն հոգեւոր կապին, որ հաստատեցինք տիեզերական ժողովի տարիներուն։ Մեզի համար երկխօսութիւնը սկսաւ եւ բարեկամութիւնը կը մնայ''։
Այս նախաձեռնութեամբ երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը հաստատեց հոգեւոր համամիութիւնը որպէս աւիշ մը համամիութեան բոլոր ճիգերուն։ Յայտնենք որ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եղաւ նախաձեռնութիւնը` ամերիկացի անկլիքան Paul Wattson-ի որ յետագային կաթողիկէ դարձաւ եւ Spencer Jones-ի, անդամ ''եպիսկոպոսական'' եկեղեցւոյ։ Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը որդեգրեց նախաձեռնութիւնը որ ապա տարածուեցաւ համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայր Paul Couturier, Ռահվիրանը հոգեւոր համամիութեան, զարգացուց Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եւ կոչեց համամիութենական շարժումը որպէս անտեսանելի մենաստան, ուր ամէն համայնքի ու երկրի պատկան քրիստոնեաները միասնաբար կ'աղօթեն։
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը դուռը բացաւ համամիութեան, որ սկիզբէն եղած է աղօթքի շարժում մը, մղուած Ս. Հոգիէն։ Աւելի քան 100 տարիէ ի վեր քրիստոնեաները իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն առ Աստուած որպէսզի իրականանայ Յիսուսի աղօթքը`''Թող ամէնքը մէկ ըլլան''։ Այս աղօթքով, արդարեւ, մենք մեր համոզումը ու գիտակցութիւնը կը յայտնենք որ մենք` մարդիկս, կարող չենք միութիւնը հաստատել, ձեւը սահմանել եւ ժամանակը որոշել։ Եկեղեցւոյ Միութիւնը պարգեւ մըն է։ Հետեւաբար համամիութեան աշխատանքը քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր հոգեւոր պարտականութիւն մըն է եւ յառաջ կը տարուի Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ։ Հետեւաբար կեզրափակէ կարդինալ Քոխ ընդգծելով թէ համամիութիւնը աղօթքի շարժում մըն է, դարձի ու ապաշխարութեան շարժում մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.