2015-01-19 10:13:59

Տինքի հարցով ոստիկանապետ մը ձերբակալուած է


Թրքական «Զաման» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով շարք մը պաշտօնատարներու նկատմամբ շարունակուող քննութեան ծիրին մէջ նոր զարգացում մը արձանագրուած է:
Նախանցեալ շաբաթ Ճիզրէի շրջանի ոստիկանապետ Էրճան Տեմիրին արգիլուած էր երկրէն հեռանալ: Տինքի սպանութեան ծիրին մէջ Տրապիզոնի հետախուզութեան պաշտօնեայ եղած Տեմիր անցեալ շաբթուան սկիզբը հարցաքննուած էր:
Դատաւոր Ռեճեփ Ույանըք այժմ Տեմիրի համար ձերբակալութեան որոշում տուած է` «անուշադրութեան պատճառով մահուան պատճառ դառնալու» եւ «պաշտօնական անփութութեան» մեղադրանքներով:
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը չկանխարգիլելու մեղադրանքով օրեր առաջ ձերբակալուած էին նաեւ ոստիկաններ Մուհիտտին Զենիթ եւ Էօզքան Մումճու:
Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.