2015-01-19 10:22:56

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի տպաւորութիւնները ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուան մասին:


''Ակնկալիքէն աւելի հաւատացեալներու ներկայութիւն` շուրջ 7 միլիոն''։

(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան մասին յայտնեց.` Իրապէս տպաւորիչ է ժողովուրդին տեղաշարժը` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութեան առթիւ։ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին այնքան մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ նման պատարագ մը երբեք չէ մատուցուած։ Ասիկա կը դրսեւորէ ժողովուրդին գորովն ու սէրը Քահանայապետին հանդէպ։ Ստոյգ է որ Քահանայապետի ներկայանալու եղանակn ու խօսելու կարողութիւնը քաշողական ոյժ մը ունի։ Իր ամէն մէկ շարժուձեւը կը հրապուրէ ամբոխը։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եկեղեցին զգալիօրէն ներկայ է ժողովուրդին մէջ ու շատ սիրուած ու յարգուած է ։ Ժողովուրդի կապակցութիւնը իր եկեղեցւոյ հետ հիմնական է հոգեւոր թէ ընկերային կեանքէն ներս։ Տարակոյս չկայ որ Սրբազան Հայրը շատ ազդուած է այս իրողութենէն։ Քահանայապետը կու տայ եւ կ’ընդունի։ Ան անոնց ներկայութենէն քաջալերուած է եւ բնականաբար անոր առաքելական հեռանկարը կ’ուղղուի դէպի Ասիա։
Դէպի Ասիա կատարած երկու ճամբորդութիւնները նախ Քորէա եւ ապա Սրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբ, ինքնին պերճախօս են։ Ասիայի մեծ ժողովուրդներու ակնկալութիւնները զգալի են։ Անոնք ծարաւը ունին Քահանայապետին բարոյական ուսուցումին ու քաջալերանքին։ Թաքլոպանի այցելութիւնը, որ առանցքը հանդիսացաւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի այցելութեան, ցնցեց խիղճերը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզեց անպայման գտնուիլ տառապող ու աղէտեալ ժողովուրդին մէջ։ Ու երկրի բոլոր բնակչութեան համար անիկա եղաւ կոչ մը ապագայ յոյսի։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակելով իր 7-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը ունեցաւ փառահեղ ժողովրդային ընդունելութիւն մը, պարզ, ինքնաբուխ, որ ակնկալիքները գերազանցեց։ Ճամբաները կը վխտային ուրախ հանրութեամբ, երջանիկ էին իրենց ներկայութեան ու մասնակցութեան համար, արտակարգ հանդիպումները, հաւատացեալ ժողովուրդի համար Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը նշան մըն է Աստուծոյ ներկայութեան ու խթան` քրիստոնէական լաւագոյն կեանք մը ապրելու։
Այս այցելութիւնը բնականաբար կարելիութիւն տուաւ Քահանայապետին խօսելու կարեւոր նիւթերու մասին, ինչպէս է աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը, փողոցները լքուած պատանիները, ընտանիքը, անչափահասները եւայլն։
Իմ համոզումով, ըսաւ հայր Լոմպարտին իր ելոյթը եզրափակելով, քահանայապետը կարողացաւ իր պատգամը ուղղել ու հաւատացեալները լաւ ըմբռնեցին զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.