2015-01-19 09:42:35

''Ողորմութիւնը եւ կարեկցութիւնը'' Ֆիլիփինեանն կղզեխումբի առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 7-րդ ճամբորդութեան երկրորդ ու վերջին հանգրուանը` Ֆիլիփինեան կղզեխումբին, որուն բնաբանն էր` ''Ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն''։ Բառեր՝ որոնք Ֆիլիփինի եպիսկոպոսներու գնահատումով չունին լոկ մարդասիրական իմաստ եւ չեն ուղղուած անոնց որոնք նիւթական չքաւորութեան մէջ են, այլեւ անոնց` որոնք բարոյական ու հոգեւոր դժուարութիւններուն մէջ կ’ապրին։
Արդարեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կեցութեան ընթացքին, բացի ''փրոթոքոլային'' հանդիպումներէն որոնք տեղի ունեցան ուրբաթ` 16 յունուարի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը համապատարագ մատոյց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներուն հետ ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ խրախուսեց զանոնք նկատելու աղքատները որպէս աւետարանի կեդրոն. ''Աղքատները աւետարանի կեդրոնն են` անոնք Աւետարանի սիրտն են - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով`''Եթէ աղքատները դուրս հանենք Աւետարանէն, չենք կրնար հասկնալ Քրիստոսի պատգամը''։
Ան ապա հանդիպեցաւ Ֆիլիփինի ընտանիքներուն դիտել տալով թէ ''Ընտանիքի դէմ որեւէ սպառնալիք՝ վտանգ մըն է նաեւ ընկերութեան համար'' ու հրաւիրեց պաշտպանել ընտանեկան կառոյցը, որովհետեւ ` ''Մարդկութեան ապագան, ինչպէս կ՛ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբը, կ՛անցնի ընտանիքէն''։ Սրբազան Հայրը հրաւէր ուղղեց ''Ընտանիքին մէջ տեսնել ազգին գանձը ու ընտանիքը սնուցել աղօթքով եւ խորհուրդներու մատակարարումով, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն''։ ''Եղէք միշտ սիրոյ, ներումի եւ ուշադրութեան վկաները։ Եղէք կեանքի սրբարան, սրբացնելով ամէն մարդկային կեանք` սաղմէն մինչեւ մահ։ Վերականգնեցէք Յիսուսի եւ Մարիամի հետ ու պատրաստ եղէք քալելու Տիրոջ մեզի ցոյց տուած ճանապարհին վրայ'' ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց քրիստոնեաները ըլլալու մարգարէական ձայն մը իրենց ապրելակերպով ու բարի օրինակով, հռչակելու համար Քրիստոսի Արքայութիւնը համայն աշխարհին։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբի ճամբորդութեան երրորդ օրը` շաբաթ 17 յունուարին, այցելութեան կեդրոնական հանգրուանը նկատուած էր։ Այդ օր Սրբազան Հայրը այցելութիւն կատարեց Թաքլոպան կղզին որ 14 ամիսներ առաջ թիրախ դարձած էր ''Հայան'' մրրիկին։ Սրբազան Հօր այցելութիւնը կը նախատեսէր զանազան հանդիպումներ եւ արարողութիւններ` Սուրբ Պատարագ, Մրրիկէն վերապրող ընտանիքներուն հետ սիրոյ սեղան ու հանդիպում եւ աղօթք թեմական կղերին հետ, սակայն նոր փոթորիկի մը սպառնալիքի հետեւանքով, Սրբազան Քահանայապետը ստիպուած եղաւ օրակարգը յեղաշրջել ու ժամանակէն առաջ վերադառնալ Մանիլա։ Ասոր հակառակ իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստուած ճառը, ուզեց սրտաբուխ խօսքը ուղղել առաւօտեան պատարագին մասնակցող հաւատացեալներուն եւ իր յուզմունքի ու մօտիկութեան զգացումները յայտնել անոնց։ ''Խօսքեր չունիմ ձեր ցաւը կիսելու համար – ըսաւ Սրբազան Հայրը – եթէ ոչ պարզապէս ըսել` նայեցէք Խաչին ու այդ խաչին տակ գտնուող Մօր ու անոր ըսէք ''Մայրիկ - Մամա'' ինք գիտէ պատասխան տալ մեր սրտերուն ու մեր տառապանքներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա հակառակ կազմակերպիչներու պնդումին շուտ վերադարձ կատարելով Մանիլա, ուզեց արագօրէն ամբողջացնել յայտագիրը ու հանդիպումներ ունենալ ըլլայ Մրրիկէն վերապրող ընտանիքներուն հետ եւ ըլլայ թեմական կղերական դասին հետ, որպէս արտայայտութիւն իր մօտիկութեան։
Առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը վերապահուած էր երիտասարդներուն, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ կիրակի` 18 յունուարի առաւօտեան եւ որոնց արտասանած անպատրաստից խօսքին մէջ հրաւիրեց զանոնք ձգտելու խաղաղութեան, արդարութեան եւ ազնուութեան ու յանձնառումով գործել աւելի լաւ աշխարհի մը կառուցումին համար, առանց անտեսելու աղքատները ու կարեկիցները։
Իսկ եզրափակիչ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին աւարտին Սրբազան հայրը Ֆիլիփինցիները յանձնեց Մանուկի կերպարանքով Աստուծոյ բարութիւնը, ողորմութիւնը, ու արդարութիւնը աշխարհ բերած Յիսուսին, որպէսզի երկրին սիրելի բնակիչները կարող դարձնէ՝ միասնականութեամբ գործելու, մէկը միւսը պաշտպանելով, սկսեալ ընտանիքներէն եւ հասարակութիւններէն, կառուցելով արդար, խաղաղ եւ ազնիւ աշխարհ մը։
Թող Սուրբ Նինիոն շարունակէ օրհնել Ֆիլիփինեան կղզեխումբը ու թիկունք կանգնիլ այս հսկայական ազգի քրիստոնեաներուն՝ իրենց կոչումին մէջ ըլլալու Աւետարանի ուրախութեան առաքեալներն ու վկաները՝ թէ Ասիայի եւ թէ համայն աշխարհին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.