2015-01-19 11:10:01

Նիճերիոյ մէջ ահաբեկչական արարքները կը շարունակուին։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոքօ Հարամ կոչուած ծայրայեղական ահաբեկչական խմբակներու կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքները կը շարունակուին Նիճերիոյ մէջ։
Երկրին հիւսիսային կողմ գտնուող Փոթիսքում քաղաքը դարձեալ թիրախ դարձած է ահաբեկչական գործողութիւններուն որուն հետեւանքով առեւանգուած են աւելի քան 80 մարդ ներառեալ մի քանի մանուկներ։
Կիրակի` 18 յունուարին, Փոքիսթում քաղաքի հանրակարգերու կայանին մօտ գտնուող հրապարակի վրայ, ականուած ինքնաշարժի մը պայթումով զոհ գացած են բազմաթիւ անմեղներ ։
Այս առընչութեամբ, Քամերունի նախագահ Փոլ Պիյա կոչ մը ուղղած է որուն մէջ յայտնած է թէ Քամերունի եւ Նիճերիոյ սահմանագիծին վրայ պիտի ուղարկէ յաւելեալ բանակայիններ դիմադրելու համար Պոքօ հարամի ահաբեկչական գործողութիւններուն։
Նշենք թէ , Ապուժա թեմի Կարդինալ Օլորուֆէմէ դատապարտած է Պոքօ հարամի ահաբեկչական արարքները համարելով զանոնք անմարդկային ոճրագործութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.