2015-01-19 10:56:01

Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը 12 հոգիի շնորհեց փոքր աստիճանները:


Շաբաթ, 17 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ եւ կղերիկոսական առաջին աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կղերիկոսական առաջին աստիճան շնորհուեցաւ 12 թեկնածուներու: Սոյն արարողութեան նախագահեց եւ պատարագեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Թեկնածուներն էին` Այվազեան Ժորժ, Ագրապեան Աւետիս, Այվազեան Ռաֆֆի, Թադէոսեան Յովիկ, Թորիկեան Լեւոն, Խայաթ Ժան Գլօտ, Հապէշեան Պօղոս, Հարպոյեան Յարութ, Ունճեան Սարգիս, Պետրոսեան Եղիկ, Քէշիշեան Պօղոս եւ Քիլաղպեան Յակոբ, որոնք արժանացան Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կղերիկոսական առաջին աստիճաններուն:12 թեկնածուները կատարեցին իրենց հաւատքի դաւանումը, ստացան սաղմոսերգութեան եւ աւելածուի պաշտօնը, ապա դռնապանութեան, ընթերցողութեան եւ ջահընկալութեան փոքր կարգերը: Այս առիթով Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն փոխանցեց օրուան իր պատգամը: Սուրբ Պատարագի երգեցիկ քառաձայն կատարողութիւնը կատարեց Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դոկտ. Էտուարտ Թորիկեանի: Սուրբ Պատարագէն յետոյ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, նորընծաները եւ անոնց հարազատները շնորհաւորանքներ ընդունեցին աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.