2015-01-19 10:08:54

Գիւմրիի ոճրագործութեան առնչութեամբ. Ռուսիոյ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է Հայ ժողովուրդին


Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ:
Ռուսիոյ նախագահը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին` Գիւմրիի մէջ 12 յունուարին տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Փութինը վստահութիւն յայտնած է, որ բոլոր անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները պիտի կատարուին ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցներուն մէջ, եւ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնսդրութեամբ նախատեսուած պատիժը:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան հասած ռուս բժիշկները իրենց հայաստանցի գործընկերներուն հետ անհրաժեշտ օգնութիւնը կը ցուցաբերեն միակ ողջ մնացած վեց ամսուան մանուկին:
Վլատիմիր Փութին նաեւ հաստատած է Սերժ Սարգսեանին, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պատրաստ է բժշկական ինքնաթիռ ուղարկելու, որպէսզի կազմակերպուի փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանին հետագայ բուժումը:
Միւս կողմէ, ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները պիտի շարունակեն դէպքին բոլոր հանգամանքներուն լիարժէք բացայայտման ուղղուած անհրաժեշտ գործողութիւնները:
Բացի ատկէ, նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող ընթացիկ հարցեր:
Ռուսիոյ լրատուամիջոցներուն փոխանցումով` հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.