2015-01-18 08:40:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Մանիլայի երիտասարդներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 18 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին (Հռոմի ժամով 2-ին) սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած առաքելական այցելութեան վերջընթեր օրուայ յայտագիրը, Քահանայապետին` Մանլիայի առաքելական նուիրակութեան բարերարներուն եւ համագործակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումով որմէ ետք Սրբազան Հայրը փոխադրուեցաւ Մանիլայի Սանթօ Թոմաս համալսարան` ուր նախ հանդիպեցաւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կրօնապետերուն հետ ու ապա համալսարանի մարզադաշտին տարածքին հանդիպում ունեցաւ Ֆիլիփինցի երիտասարդներուն հետ։
Համալսարան ժամանումին Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ համալսարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ ու ապա տեղի ունեցաւ միջկրօնական հանդիպում ներկայութեամբ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կրօնապետերուն` Պուտտիսդ, Հինդու, Հրեայ, Աւետարանական, Ազատ Ֆիլիփին, Իսլամ եւ Օրթոտոքս։ Հանդիպման ընթացքին ճառեր չէին նախատեսուած եւ Նորին Սրբութիւնը մէկիկ մէկիկ ողջունեց կրօնական պատասխանատուները ու ապա բարձրացաւ ''Բաբա Մոպիլէ - Քահանայապետական ինքնաշարժ'' ու շրջանը կատարեց Համալսարանի մարզադաշտին ուր կազմակերպիչներու համաձայն ներկայ էին աւելի քան երերուն հազար երիտասարդներ որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընկալեցին Սրբազան Հայրը։
Յայտնենք թէ այս չորրորդ անգամն է որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Սուրբ Թովմաս համալսարանը` առաջինը հանդիսացաւ երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը 1970-ին, մինչ Յովհաննէս Պօղոս Բ երկու անգամ այցելեց այս վայրը` առաջինը 1981-ին ապա 1995-ին, երիտասարդութեան համաշխարհային 10-րդ օրուայ առթիւ։
Համալսարանականներուն հետ հանդիպումին սկիզբը խօսք առաւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երիտասարդներու յանձնախումբի պատասխանատու` գերապայծառ Լէօփոլտօ Ժաուչան ապա ողջոյնի խօսք արտասանեց երիտասարդ ընտանիք մը որմէ ետք տեղի ունեցան այլ երիտասարդներու վկայութիւններ որոնցմէ ամենափոքրը` 14 տարեկան աղջնակ մը պատմելով իր փողոցներու վրայ ապրած օրերը չկարողացաւ շարունակել եւ յուզուեցաւ ու լացաւ արժանանալով Սրբազան Քահանայապետին հայրական ողջագուրումին։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք խօսք առաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որ անգամ մը եւս մէկդի դնելով պաշտօնական գրաւոր ճառը ուզեց սրտաբուխ խօսք մը ուղղել երիտասարդներուն
որուն աւարտին ապա կատարուեցաւ Հայր մեր աղօթքը եւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ Սրբազան քահանայապետին օրհնութիւնը։
Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Մանիլայի առաքելական նուիրակութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.