2015-01-18 09:02:00

Առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարգը Մանիլայի ''Անել Ռիզալ Բարք''ի տարածքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 18 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին (Հռոմի ժամով 8,30-ին) Սրբազան Քահանայապետը` Մանիլայի ''Անել Ռիզալ Բարք''ի տարածքին, հանդիսապետեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի նախագահը ու այլ եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ բազմամիլիոն հաւատացեալներ։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մէջ մեծ յարգանք վայելող Յիսուս Մանուկի սրբանկար` Սուրբ Նինոյի տօնին առթիւ, մատուցած այս սուրբ պատարագով վերջ գտան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական այցելութեան պաշտօնական ու հանրային հանդիպումները։ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանուած աղօթքներն ու դիտաւորութիւնները կատարուեցան տեղական բարբառներով։
Սուրբ Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուծոյ Արքայութեան ու հոգեւոր մանկութեան խորհուրդի, ստրկութեան ու մեր ազատագրումի, խաղաղութեան, իրաւունքի ու արդարութեան միջեւ կապակցութեան մասին։
Մենք քրիստոնեաներս, կանչուած ենք տարածելու Քրիստոսի Արքայութիւնը աշխարհի մէջ։ Ասիկա շօշափեցինք երբ ֆիլիփինցիները շուտով փութացին օգնութեան հասնելու իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն մրրիկի աղէտին ընթացքին։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբը Ասիայի առաջին կաթողիկէ եկեղեցին է, ասիկա ինքնին Աստուծոյ յատուկ մէկ շնորհքն է, օրհնութիւն եւ միաժամանակ կոչում է։ Ֆիլիփինցիները կանչուած են ըլլալու ընտիր քարոզիչները Աւետարանի քարոզութեան Ասիոյ մէջ։
Մեղքով, մարդը խաթարեց բնական գեղեցկութիւնը, կործանեց միութիւնը ու գեղեցկութիւնը մարդկային ազգին եւ ընկերային կառոյցին որուն հետեւանքով աղքատութիւնը, տգիտութիւնը եւ ապականութիւնը ցմիշտ հաստատուեցան։
Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ որ սուտը մեծագոյն սպառնալիքը եղաւ Աստուծոյ ծրագիրին։ Սատանան հայրն է սուտին։ Ան յաճախ բարի դիտաւորութիւններով կը ներկայանայ քօղարկելու իր նենգութիւնները, ու մենք հրապուրուած իր թելադրանքներէն կը հեռանանք մանկութեան անմեղ աշխարհէն։ Մանուկները արդարեւ, ինչպէս Տէրը մեզի կը սորվեցնէ, ունին իրենց սեփական իմաստութիւնը, որ աշխարհի իմաստութիւնը չէ։ Ահա այս պատճառաւ Սուրբ Նինոյի պատգամը յոյժ կարեւոր է։
Սուրբ Նինոն նաեւ կը յիշեցնէ մեզի որ այս ինքնութիւնը պէտք է պահպանել։ Մանուկ Քրիստոսը պաշտպանն է այս մեծ երկրին։ Ան կը յիշեցնէ մեզի կարեւորութիւնը պաշտպանելու ընտանիքները եւ յատկապէս մեծ ընտանիքը` որ է Եկեղեցին` Աստուծոյ ընտանիքը, աշխարհը, մարդկային մեր ընտանիքը։ Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել, ուղղել ու քաջալերել երիտասարդները ու օգնել անոնց կերտելու ընկերութիւն մը արժանի հոգեւոր ու մշակութային մեծ ժառանգութեան։
Ու ամենէն կարեւորը այն է` տեսնել ամէն մանուկին մէջ, պարգեւ մը որ պէտք է լաւ հիւրընկալել, ընդունիլ, սիրել ու պաշտպանել։ Պէտք է հոգ տանիլ անչափահասներուն եւ թոյլ չտալ որ իրենց յոյսերը քանդուին ու դատապարտուին փողոցները շրջագայելու։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. դիւրաբեկ մանուկ մըն է որ հետը աշխարհ կը բերէ Աստուծոյ բարութիւնը, ողորմութիւնը, ու արդարութիւնը։ Ան դիմադրեց անպարկեշտութեան, ապականութեան, որոնք մեղքի ժառանգութիւնն են ու զանոնք յաղթահարեց խաչի զօրութեամբ։
Այժմ` Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած իմ այս հովուական այցելութեանս աւարտին, ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Անոր` Յիսուսին որ մեր մէջ եկաւ որպէս մանուկ մը։ Ան այս երկրին սիրելի բնակիչները կարող դարձնէ, միասնականութեամբ գործելու, մէկը միւսը պաշտպանելով, սկսեալ ընտանիքներէն եւ հասարակութիւններէն, կառուցելով արդար, խաղաղ եւ ազնիւ աշխարհ մը։ Թող Սուրբ Նինիոն շարունակէ օրհնել Ֆիլիփինեան կղզեխումբը ու թիկունք կանգնիլ այս հսկայական ազգի քրիստոնեաներուն իրենց կոչումին մէջ ըլլալու Աւետարանի ուրախութեան առաքեալներն ու վկաները։ Ասիոյ ու համայն աշխարհին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.