2015-01-17 10:46:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գրաւոր ճառը Փալոյի թեմի եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 յունուարին, Փալօ թեմի Յիսուսի Այլակերպութեան մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ թեմի եպիսկոպոսներուն , կղերականներուն դասին ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն հետ։
Այս առթիւ անոնց յանձնած գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Մայր տաճարին վերակառուցման աշխատանքներուն։ Յայտնենք թէ տաճարը թիրախ դարձած էր ''Եոլանտա'' մրրիկի հարուածին եւ շնորհիւ բարերարներու եւ հաւատացեալներու ներդրումին է որ անոր շինարարական աշխատանքները աւարտեցան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց թէ աղէտներու ու տառապանքներու ընդմէջէն Աստուած կը շարունակէ գործել՝ վերանորոգելով իրողութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով անդրադառնալ մրրիկի հետեւանքներուն մասինը ըսաւ. ՝՝Ձեզմէ շատերը տառապեցան ոչ միայն մրրիկի աղէտին պատճառով այլ ընտանեկան եւ բարեկամներու կորուստին հետեւանքով։ Այսօր հայցենք Աստուծոյ Ողորմութիւնն ննջեցեալներուն համար ինչպէս նաեւ մխիթարութիւն ու խաղաղութիւն անոնց համար որոնք կը շարունակեն ողբալ։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանաներուն , կրօնաւորներուն որոնք վեհանձնօրէն օգտակար դարձան կարիքաւորներուն որոնք կորսնցուցած են ամէն ինչ։ ''Եկեղեցին ներկայ դարձուցիք որպէս աղբիւր՝ յոյսի , ամոքումի ու ողորմութեան։ Ձեր դրացիներուն հետ միասնաբար ցուցաբերեցիք խորին հաւատքը եւ Ֆիլիփինեան ժողովուրդին դիմադրութեան կարողութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց աղքատներու վերապահուած նորակառոյց կեդրոնին՝ որակելով զայն զայն որպէս եկեղեցւոյ բուժարար եւ կարիքաւորներու հանդէպ ուշադիր կեդրոն։
Այսօր՝ այս տառապանքը ճանչցած վայրէն կը խնդրեց ձեզմէ աւելիով հոգալ աղքատներուն։ Կը խնդրեմ, որ երկրի աղքատներուն հանդէպ վերաբերմունքը ըլլայ արդար եւ յարգուի անոնց արժանապատուութիւնը։ Քաղաքական ու տնտեսական որոշումները ըլլան ճշգրիտ եւ ամբողջական, աշխատանքային եւ դաստիարակչական հնարաւորութիւնները բազմապատկուին եւ անհետանան բոլոր խոչընդոտները։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով կղերականներու եւ կրօնաւորներուն ըսաւ՝ ''Դուք պիտի ըլլաք հզօր ուժը ընկերութեան վերանորոգման , ոչ միայն կառոյցներու շինարարութեամբ այլ յատկապէս Աստուծոյ արքայութեան կառուցումով. Արքայութիւն՝ սրբութեան , արդարութեան , խաղաղութեան՝ ձեր հայրենիքին մէջ։
Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Աստուածամօր մայրական խնամակալութեան որպէսզի ան ձեզի համար ու այս հողերուն վրայ ապրողներուն համար ընդունի օրհնութիւնները ու սփոփանք ինչպէս նաեւ Տիրոջ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։







All the contents on this site are copyrighted ©.