2015-01-17 13:46:44

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած աղօթքը Թաքլոպանի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 յունիսին, Թաքլոպան մարզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, տեղատարափ անձրեւի տակ մատոյց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը բազմահազար Ֆլիփփինցի հաւատցեալներու ներկայութեամբ։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը սրտաբուխ աղօթք մը արտասանեց որուն սկիզբը ըսաւ`
''Տօնեցինք Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանքն ու մահը՝ ինչպէս նաեւ անոր Յարութիւնը։
Յիսուս՝ սոյն ուղեւորութեան վրայ մեզ ընդառաջեց ու Ան կ՝ընկերանայ մեզի՝ կեանքի իւրաքանչիւր պահերուն, ուր կը համախմբուինք, կ՝աղօթենք ու տօնակատարութիւն կը կատարենք։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ըսելով`
Շնորհակալ ենք Տէր, այսօր՝ մեր մէջ գտնուելուդ համար։
Շնորհակալ ենք Տէր, մեր տառապանքներուն բաժնեկից ըլլալուդ համար։
Շնորհակալ ենք Տէր, մեզի յոյս ներշնչելուդ համար։
Շնորհակալ ենք Տէր, Քու ողորմութեանդ համար։
Շնորհակալ ենք Տէր, որովհետեւ ուզեցիր ըլլալ մեզի նման։
Շնորհակալ ենք Տէր, որովհետեւ քու կեանքիդ խաւար պահուն՝ խաչին վրայ, մեզ յիշեցիր եւ մեզի տուիր Մայր մը։ Շնորհակալ ենք Տէր, որովհետեւ մեզ որբ չթողուցիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.