2015-01-17 11:06:13

Հակառակ մրրիկին եւ փոթորկալից կլիմային Թաքլոպանի մէջ Քահանայապետը ուզեց ողջունել կղերն ու հաւատացեալները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 17 յունուար 2015-ին, Թաքլոպան կղզին հարուածող ահաւոր փոթորիկի պատճառաւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստիպուած եղաւ օրակարգը փոխել եւ կանխել իր վերադարձը Մանիլա։
Այսուհանդերձ Նորին Սրբութիւնը ուզեց նոյնպէս արագօրէն հանդիպիլ ըլլայ ''Թիֆոնէն - մրրիկէն'' վերապրող 30 ընտանիքներուն հետ ըլլայ թեմի կղերական դասին հետ, նախ քան մեկնիլը Մանիլա։
Թաքլոպան մարզը կը գտնուի Լէյթէ կղզիին մէջ եւ ունի 201.72 քմ քառակուսի տարածք։ Մարզին գլխաւոր քաղաքն է` Փալոն ուր կը գտնուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմին առաջնորդարանը։ 2013-ի 8 նոյեմբերին, Հայան կոչուած թիֆոնը (մրրիկը) հարուածեց կղզին իր ետին թողելով հազարաւոր մեռեալներ, վիրաւորներ եւ աւերներ։
Թաքլոպանի օդակայանի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը` փոխադրուեցաւ Փալոյի առաջնորդարան ուր ողջունեց Թիֆոնէն վերապրող 30 ընտանիքները ու ապա օրհնեց աղքատներուն յատկացուած իր անունը կրող կեդրոնը հուսկ Փալոյի թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ շատ հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ Փալոյի թեմին եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն ու Թիֆոնէն վերապրող անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, որուն ընթացքին ուզեց սրտի խօսքը ուղղել անոնց ու յանձնել այդ առիթին համար պատրաստուած ճառը։
Փալոյի թեմին եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն ու Թիֆոնէն վերապրող անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ հակիրճ հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ներկաներէն խնդրելով յատուկ ողջոյն մը յատկացնել Կարդինալ Փարիոլինին որուն տարեդարձը կը նշուի այսօր։ Ան ապա ներկաներուն ներողամտութիւնը խնդրեց` Մրրիկի պատճառաւ կարճատեւ հանդիպումին համար ու Աստուածամօր ձեռքերուն յանձնեց այս առթիւ իր պատրաստած ճառը ու արտասանեց Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։ Նախ Քան հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Ձեզմէ երկու բան կը խնդրեմ առաջին` Աղօթեցէք ինծի համար. երկրորդ ` հանդարտ եղէք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.