2015-01-16 11:18:54

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը փողոցներու մէջ լքուած մանուկներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 յունուարին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի եւ տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Մանիլա Քաղաքէն, տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Պապի փողոցներու մէջ լքուած մանուկներուն հետ ունեցած շատ յուզիչ հանդիպումի մասին։
Հայր Լոմպարտին յայտնեց, թէ Մանիլա Անարատ Յղութեան նուիրուած Մայր տաճարին կից գտնուող տունի մը մէջ` TNK կոչուած բարեսիրական հաստատութիւնը կը հիւրնկալէ փողոցներու մէջ լքուած 20 մանուկներ։ Հաստատութեան պատասխանատուն է Ֆրանսացի Հայր Մաթիէօ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆիլիփինեան կղզեխումբի այցելութեան առթիւ, Հայր Մաթիէօ հաստատութեան փակին մէջ համախմբած էր աւելի քան 320 փողոցներու մէջ լքուած մանուկներ ու Սրբազան Հայրը, 16 յունուարին Անարատ Յղութեան Մայր Տաճառին մէջ եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն հետ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած է այդ մանուկներուն հետ

Մանուկները դիմաւորած են Սրբազան Հայրը երգերով ու պարերով, տեղի ունեցած են հակիրճ զրոյց, ողջագուրում եւ պարգեւներու փոխանակում որոնց շարքին` հաստատութեան մատրան մէջ գտնուող փայտի վրայ տպագրուած տիրամօր պատկերը։
Տպաւորիչ եւ յուզիչ հանդիպումը` վերջ գտաւ Ֆրանչիսկսո Պապին մանուկներու տուած օրհնութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.