2015-01-16 07:16:39

Սրբազան Քահանայապետին համապատարագը երկրի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորներուն հետ`Մանիլայի մէջ. ''Աղքատները աւետարանի կեդրոնն են''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղքատները աւետարանի կեդրոնն են` անոնք Աւետարանի սիրտն են։ Եթէ աղքատները դուրս հանենք Աւետարանէն, չենք կրնար հասկնալ Քրիստոսի պատգամը '' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կղերական դասին հետ համապատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Ուրբաթ, 16 յունուարի առաւօտեան, յետ նախագահական պալատ կատարած պաշտօնական այցելութեան, տեղական ժամով 11,15-ին (Հռոմի ժամով 03.15-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Մանիլայի ''Անարատ Յղութեան'' նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցի, ուր տեղական եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին մասնակցութեամբ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Սրբազան Հօր այս առթիւ արտասանած քարոզը քաղցրաբարոյ ու սրտաբուխ բնոյթ ունեցաւ։ Ան նախ նշեց որ հովիւներու դերը հիմնուած է Քրիստոսի կեանքի օրինակին վրայ ու կրօնաւորական կեանքը նշան մըն է Քրիստոսի սիրոյն որ ամէն տեղ կը բերէ հաշտութիւն։
Խօսելով երկրի քրիստոնէացումի 5-րդ դարադարձի տօնախմբութիւններու պատրաստութեան մասին, որոնք պիտի կատարուին 2021-ին, Քահանայապետը ընդգծեց որ անցեալ սերունդներու աշխատանքը բերաւ Աստուծոյ խօսքի ճանաչումը ու սատարեց քրիստոնէական ներշնչումին եղբայրօգնութեան, հաշտութեան, զօրակցութեան ու հասարակաց բարիքին մարզերէն ներս։
Առաջին առաքեալները չզբաղուեցան լոկ Աւետարանի քարոզութեամբ ու եկեղեցին հիմնելու այս հողին վրայ, այլ նաեւ կերտեցին ընկերութիւն մը հիմնուած սիրոյ, ներումի, զօրակցութեան ու հասարակաց բարիքին վրայ։
Այսօրուայ սերունդին պարտականութիւնն է կերտել կամուրջներ, որպէսզի Ասիայի ժողովուրդը կարողանայ ընդունիլ Աստուծոյ խօսքը։ Այսօրուայ մարդիկը պէտք են ըլլալ պատգամաբերները Խաչեցեալ Քրիստոսի սիրոյն, որ կը բերէ հաշտութիւն։ Անձնական հանդիպումը Քրիստոսի հետ պէտք է մղէ մարդիկը դարձի, խիղճի քննութեան ըլլայ որպէս անհատներ, ըլլայ որպէս հասարակութիւն։ Աւետարանը կարող է ներշնչել ընկերային կարգ մը` իրապէս արդար ու փրկարար։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները իրաւացիօրէն կը պայքարին տեղական ընկերութեան անհաւասարութիւններու ու անարդարութիւններու դէմ։ Աւետարանը կը կանչէ ամէն քրիստոնեայ անհատ, ապրելու պարկեշտ եւ ուղղամիտ կեանք մը ու յանձնառու ըլլալու հասարակաց բարիքին ի սպաս։
Նոյնպէս Աւետարանը կը կանչէ քրիստոնեայ հասարակութիւնները ստեղծելու պարկեշտներու ակումբ մը, զօրակցութեան ցանց մը, կարող ընկերութեան մէջ Աստուծոյ խօսքը ծաւալելու եւ բարեփոխել զայն շնորհիւ իրենց բարի վկայութեան։
Այս պատճառաւ Քահանայապետը կը խնդրէ քահանաներէն ու կրօնաւորներէն զարգացնելու առօրեայ աղօթքի հանդիպումը Տիրոջ հետ ու պայքարելու նիւթապաշտ փորձութիւններու դէմ։ Քահանայապետը նաեւ կը խնդրէ երիտասարդ քահանաներէն ու հանդիպումի մասնակցող
նորընծաներէն ապրիլ երիտասարդ հաւատացեալներու մօտ` ''Մօտ եղէք աղքատներուն, հռչակեցէք քրիստոնէական ամուսնութեան գեղեցկութիւնն ու ճշմարտութիւնը։ Այս ճշմարտութիւնները միշտ թիրախ եղած են հզօրներուն որոնք կ’աշխատին քանդել Աստուծոյ ստեղծարար ծրագիրը ու դաւաճանել ճշմարիտ արժէքները, որոնք ներշնչեցին ու ձեւաւորեցին այն ինչ որ գեղեցիկ է ֆիլիփինեան մշակոյթին մէջ։
500 տարիներու քրիստոնէութիւնը Ֆիլիփինեան կղզեխումբը դրոշմեցին Աստուծոյ սիրով, Մարեմեան բարեպաշտութեամբ։ Այս ամէնը պէտք է օգնեն նոր սերունդը կաղապարուելու քրիստոնէական մշակոյթով որպէսզի ֆիլիփինեան ընկերութիւնը ներթափանցուի քրիստոնէական ոգիով ու անոր միջոցաւ ցոլացուի համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.