2015-01-16 07:34:45

''Չմոռնալ Սուրիոյ ընդհարումը'' կ՛ըսէ Դամասկոսի առաքելական դեսպանը։


''Սուրիոյ հարցը կը թուի մոռացութեան մատնուած'' յայտնեց Գերապայծառ Մարիօ Զէնարի Դամասկոսի մօտ առաքելական դեսպանը։ Ձմեռուան պատճառաւ մանուկները կը տառապին, մի քանի հոգիներ դժբախտաբար սովէն եւ պաղէն մեռան, հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը նախաձեռնութիւն մը ձեռք բերէ այս խեղճերու նկատմամբ։ Մանուկները անուսում կը մնան, կիները սեռային շահագործումի ենթակայ են ու այս պատճառաւ հարկաւոր է միջամտութիւնը միջազգային հասարակութեան։ Մակի վիճակագրութեան համաձայն Սուրիոյ մէջ աւելի քան 12 միլիոն անհատներ կարիքը ունին զանազան մակարդակի մարդկայնական օգնութիւններու։ ''Փարիզի ահաբեկչական յարձակումները աւելի կարեւոր կը թուին եւ Սուրիոյ զինեալ ընդհառումը եկրորդական մակարդակի անցած է, զ՛ըսելու համար թէ մոռցուած է'', ըսաւ Ս. Աթոռի դեսպանը յարելով որ Սուրիոյ այս տագնապը շատ ծանր է եւ եթէ անոր լուծումը արմատական չ՛ըլլայ` ահաբեկչական գործողութիւնները դժբախտաբար պիտի շարունակուին։
Իր կարգին ՄԱԿի գաղթականներու ու փախստականներու բարձրագոյն ոստիկանապետը խօսելով Յորդանանի ու Լիբանանի սուրիացի գաղթականներու իրավիճակին մասին ահազանգ հնչեցուցած է ։ Ան մատնանշած է որ աւելի քան 150 հազար սուրիացիներ կ’ապրին ամենայետին աղքատութեան մէջ, բանակավայրերէն դուրս, զուրկ ելեկտրականութենէն ու ենթարկուած պաղին ու ցուրտին։ Միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է աւելցնել օգնութիւնները, յայտարարած է ՄԱԿի ոստիկանապետ Անթոնիօ Կութերէս։








All the contents on this site are copyrighted ©.