2015-01-16 07:02:25

Հանդիպում Ֆիլիփինեան կղզեխումբի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած այցելութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Նախագահական Պալատը։ Նորին Սրբութիւնը արդարեւ, Ուրբաթ` 16 յունուարի առաւօտեան տեղական ժամով ժամը 9-ին-ին (հռոմի ժամով առաւօտեան 2.00-ին) ուղղուեցաւ դէպի Մանիլայի` ''Մալաքանեան'' կոչուած` եւ 1802-ին կառուցուած նախագահական պալատ, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի նախագահին պաշտօնական այցելութեան տալու։
Պալատ ժամանումին` Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Մանիլայի նախագահ Տիար Պենինիօ Աքուինօ Գ-ի կողմէ որ զինք առաջնորդեց կեդրոնական ամպիոն։ Ապա տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք ու երկու երկիրներու քայլերգերու կատարողութիւն եւ պատուիրակութիւններու ներկայացում, որմէ ետք նախագահն ու քահանայապետը մուտք գործեցին Պալատ եւ տեղի ունեցաւ ոսկեմատեանի ստորագրութիւն հուսկ առանձնական հանդիպում ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Տիար Պենինիօ Աքուինօ Գ-ին որուն աւարտին Նախագահը Պապին ներկայացուց իր ընտանեկան պարագաները ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։
Հակիրճ ընդունելութենէն ետք Ֆրանչիկսոս Պապը` նախագահական պալատի մէկ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքական իշխանութիւններու եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։ Հանդիպման սկիզբը Ֆիլիփինեան Կղզեխումբի նախագահը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապին որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ ընդգծեց առաքելական ճամբորդութեան հովուական նկարագիրը, յայտնելով թէ Ինք հոս կը գտնուի ի պատրաստութիւն երկրի քրիստոնէացումին 5-րդ դարադարձի տօնախմբութեան, որուն հանդիսութիւնները նախատեսուած է 2021-ին։
Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ հաստատեց թէ քրիստոնէութիւնը մեծապէս սատարեց երկրի մշակոյթին։ Յայտնենք թէ միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը սերտօրէն առընչուած է Եոլանտ մրրիկի (թիֆոն) աղէտալի դէպքին։ Սրբազան Հայրը հիացումով կը դիտէ ժողովուրդին ու մասնաւորապէս երիտասարդներուն անվերապահ նուիրումը բնական աղէտին պատճառած աւերները դիմագրաւելու։ Նուիրումի այս առաքելութիւնը պտուղն է քրիստոնէական յոյսի ու հհաւատքի - ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ զօրակցութեան օրինակը յոյժ կարեւոր է ապագայ ընտանիքի, ու կեանքի մեծ դաս մըն է։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբը Ասիայի այլ երկիրներու նման կը գտնուին արդի ընկերութեան յենարաններու վերակերտումի մարտահրաւէրին առջեւ, վերափոփոխութիւններ ու յեղաշրջումներ, որոնք պէտք են յարգել մարդկային ճշմարիտ արժէքները, անհատի արժանաւորութեան ու իրաւունքի պաշտպանութիւնը, այս ամէնը յոյժ կարեւոր են քաղաքական ու բարոյական շրջապատէն ներս, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց քաղաքական աշխարհը ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը ու աշխատելու հասարակաց բարիքին ի խնդիր։
Աստուածաշնչական աւանդութիւնը կը պատուիրէ բոլոր ազգերուն պարտականութիւն` անսալու աղքատներուն, հարստահարեալներուն ու ընկերային անարդարութիւններու բոլոր երեւոյթներու զոհ ձայնին։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները 2015-ը հռչակեցին ‘’աղքատներու տարի’’ Մարգարէական այս կոչը կը հրաւիրէ ամէնքը խորհրդածելու ու բարեփոխելու ընկերութեան կեանքը, պայքարելու կեղծումին ու կաշառքին դէմ եւ ամէն բանի դէմ որ պատճառ կը դառնայ անհատի մերժումին կամ աղքատին մեկուսացումին։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց որ իր այցելութեան կարեւոր դէպքերէն մէկն է հանդիպումը ընտանիքներուն ու երիտասարդութեան հետ։ Ընտանիքը յատուկ առաքելութիւն մը ունի ընկերութեան մէջ։ Արդարեւ ընտանիքին մէջ երիտասարդները կը սորվին կեանքի արժէքները։ Ուստի հարկաւոր է հզօրացնել ընտանիքը եւ ոչ թէ կործանել կամ յեղաշրջել զայն։ Ընտանիքի ու տեղական հասարակութիւններու պարտականութիւնն է ստեղծել բարութեան, զօրակցութեան ու հաւատարմութեան ամբողջական մշակոյթ մը։ Շնորհիւ այդ արժէքներու, ընկերութիւնը կարող պիտի դառնայ միասնաբար ապրելու։
Իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ ֆիլիփինեան կղզեխումբի տուած սատարին միջազգային համագործակցութեան Ասիայի երկիրներու միջեւ։ Ան քաջալերեց շարունակել այս ընթացքը ` բոլորին ի շահ բարօրութիւնը երաշխաւորելով։ Նոյնպէս քաջալերեց զարգացնելու երկխօսութիւնը զանազան կրօններու պատասխանատուներու միջեւ, խաղաղութիւնը հաստատելու համար երկրի հարաւային մասին մէջ, յարգելով բոլորին իրաւունքը ներառեալ բնիկներունը ու կրօնական փոքրամասնութիւններունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.