2015-01-16 07:20:15

Կաթողիկէ Եկեղեցին Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ թիւերով:


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան Կղզեխումբին մէջ քրիստոնէութեան պատմութիւնը սկիզբ առած է 1521ին, Սպանացիներու կղզեխումբ ժամանումէն ի վեր։
1579ին, Մանիլայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կ՝ունենայ իր առաջին թեմը։ 2014ի տուեալներու համաձայն , Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակչութեան 82 առ հարիւրը Կաթողիկէ հաւատացեալներ են եւ կը հաշուեն 82 միլիոն մարդիկ։
Կաթողիկէ եղկեցին կազմակերպուած է իր 86 թեմերով, ունի 3297 ժողովրդապետութիւններ, 9291 այլ հովուական կեդրոններ, 131 եպիսկոպոսներ, 6202 թեմական քահանաներ, 3066 կրօնաւորներ։
Բարեսիրական եւ դաստիարակչական մարզէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցին
ունի 3528 դաստիարակչական կեդրոններ, 845 բարեսիրական եւ ընկերային կառոյցներ իր 5572 աշխարհական միսիոնարներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.