2015-01-15 11:36:50

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական օրակարգէն դուրս կատարած այցելութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Սրի Լանքա կատարած հովուական այցելութեան երորդ օրը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Մատուի Տիրամօր Սրբավայրէն վերադարձին Քոլոմպոյի առաքելական պատուիրակութեան մէջ ընդունեց Սրի Լանքայի նախկին նախագահն ու անոր կողակիցը։ Յայտնենք որ Տիար Մահինտրա Ռայափաքսան, Սրի Լանքայի երբեմնի նախագահն է որ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէր ուղղած էր այցելելու Սրի Լանքան։ Հանդիպումը տեւեց շուրջ քսան վայրկեան որուն ընթացքին Նախագահը ուրախութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր Սրի Լանքա կատարած այցելութեան յաջողութեան համար։
Վերոյիշեալ հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը ընդառաջելով Պուտտիսդ մէկ կրօնաւորի մը հրաւէրին` ուզեց անակնկալ ու ինքնաբուխ այցելութիւն մը տալ երկրին հիւսիսը գտնուող պուտտայական մէկ տաճարին։ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ տաճարին կրօնաւորներուն հետ, յարգանքի տուրք մատուցեց զանգակաձեւ մասնատուփի մէջ զետեղուած երկու արդարներու մասունքներուն, ունկնդրեց խումբ մը կրօնաւորներու իրեն ի պատիւ երգած մեղեդի մը ու ապա պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։
Քահանայապետը հուսկ փոխադրուեցաւ Քոլոպմպօ թեմին առաջնորդարան ուր հանդիպում ունեցաւ երկրի 20 եպիսկոպոսներուն հետ, տրուած ըլլալով որ այս հանդիպումը նախատեսուած էր հովուական այցելութեան առաջին օրը եւ կազմակերպչական պատճառներու բերումով չեղեալ նկատուեցաւ։ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներու հետ աղօթեց առաջնորդարանի մատրան մէջ, ապա անոնց հետ զրուցեց յատուկօրէն մատնանշելով Ժոզէֆ Վազի սրբադասումին` զայն նկատելով Ասիայի ցամաքամասի լուսաւորիչ։








All the contents on this site are copyrighted ©.