2015-01-15 09:30:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց առաքելական միջազգային 7-րդ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 15 Յունուարին, Քոլոմպոյի ժամով առաւօտեան 8.15-ին (Հռոմի ժամով 3,45-ին) Սրբազան Հայրը այցելեց Պոլաուալանայի “Our Lady of Lanka” մատուրը, ուր պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքով ու ապա ուղղուեցաւ Քոլոմպոյի միջազգային օդակայան ուր տեղի ունեցաւ Սրի Լանքայի առաքելական ճամբորդութեան հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, Սրի Լանքայի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ։
Այս արարողութեամբ վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային առաքելական 7-րդ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը որ սկիզբ առած էր անցեալ երկուշաբթի 12 յունուար 2015-ի երեկոյեան։
Սրի Լանքայի մէջ կեցութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց Սրի Լանքացիները գործելու հաշտութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր, յորդորելով կրօնապետերը դիմելու երկխօսութեան ու դատապարտելու յանուն կրօնի գործուած ոճիրներն ու բռնութիւնները։ Իր արտասանած ճառերուն մէջ Սրբազան Հայրը յաճախ անդրադարձ կատարեց Սրի Լանքացի ժողովուրդին քաղաքացիական պատերազմի պատճառաւ, անցեալին կրած ցաւերուն եւ այդ ցաւերէն յառաջացած վէրքերու դարմանումին հարկաւորութեան։
''Ժամն է վերակառուցումին եւ միութեան եւ ոչ թէ այլ հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու'', թելադրեց Սրբազան Հայրը հանդիպելով Սրի Լանքայի կրօնապետերուն ու հրաւիրելով ''յստակ ըլլալ ու հասարակութիւնները հրաւիրել լիապէս ապրելու խաղաղութեան եւ համակեցութեան պատուէրները''։
Սրի Լանքա ժամանումին իր արտասանած առաջին ճառին մէջ Սրբազան Հայրը բացայայտեց թէ ''Հաշտութեան նուրբ աշխատանքին յաջողութեան համար կը պահանջուի մասնակցութիւնը կրօնական համայնքներուն եւ թէ համայն ընկերութիւնը դեր մը ունենալու է ու միասիրտ ու միակամ աշխատելու է խաղաղութեան ի սպաս''։ Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ ''Իւրաքանչիւրը ազատ պէտք է զգայ արտայայտելու իր գաղափարը, յայտնելու իր ձգտումները, կարիքներն ու վերապահութիւնները'' ու մաղթանք յայտնեց որ քաղաքական, կրօնական ու մշակութային ղեկավարները սատարեն Սրի Լանքայի ժողովուրդի նիւթական ու հոգեւոր բարգաւաճումին եւ որ իր կեցութեան օրերը դառնան բարեկամութեան, երկխօսութեան ու զօրակցութեան օրեր։
Երանելի Ժոզէֆ Վազի սրբադասման արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ Սուրբ Վազը օրինակ է համերաշխութեան ու միութեան, հաստատելով թէ ''Կրօնի ազատութիւնը ամէն անհատի հիմնական իրաւունքն է'' ու ապա քաջալերեց Սրի Լանքայի քրիստոնեաները աւելի մեծ ուժով սատարելու խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաշտութեան հաստատումին Սրի Լանքայի հասարակութեան ներքոյ։
Առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Մատույի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը, որ խորհրդանիշն է ազգային հաշտութեան։ Այնտեղ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը դարձեալ շեշտը դրաւ հաշտութեան կարեւորութեան վրայ ու այդ սրբավայրի յատուկ առաքելութեան ուր ամէնքը անխտիր, քրիստոնեայ, թամիլ եւ սինկալեցներ իրենք զիրենք կը զգան որպէս իրենց տան մէջ։
''Տիրամօրմէն խնդրենք հաշտեցնել երկրի բոլոր հասարակութիւնները` սրիլանքացի, թամիլ ու սինակալեցի, միասնաբար վերակերտելու կորսուած միութիւնը'' աղօթք բարձրացուց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով ''այնպէս ինչպէս Տիրամօր արձանը իր սրբավայրը վերադարձաւ, աղօթենք որ այս երկրի բոլոր զաւակները վերադառնան Աստուծոյ տունը` հաշտութեան ու եղբայրակցութեան վերանորոգ ոգիով''։
Համերաշխութիւն, հաշտութիւն, զղջում, փոխադարձ ներում, աղքատներու հանդէպ ուշադրութիւն, միութիւն, կրօնական երկխօսութիւն եւ վայրագութեան ու բռնութեան դատապարտում, ի սպաս աւելի բարգաւաճ ապագայի մը եւ ի սպաս հասարակաց բարիքին ու ամէն անհատի արժանավայել կեանքի իրաւունքին. ասոնք եղան Սրբազան Քահանայապետին յոյսի պատգամները ուղղուած Սրի Լանքայի ժողովուրդին որ չորրորդ անգամուայ համար` ջերմ խանդավառութեամբ ընդունեց Սուրբ Պետրոսին մէկ յաջորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.