2015-01-15 15:28:56

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը, Քոլոմպոյէն Մանիլա ճանապարհորդութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 յունուարին, Սրի Լանքայի կատարած հովուական այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մանիլա մայրաքաղաքը։
Թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիկսոս Պապը, ըստ աւանդութեան հեռագիրեր յղեց հետեւեալ երկիրներու նախագահներուն` Սրի Լանքայ­­,­ Մայանմար, Թայլանտիա, Քամպոտճիա եւ Վիէթնամ։
Հեռագիրերու մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները վերոյիշեալ երկիրներու ժողովուրդներուն բարգաւաճման եւ անդորրութեան համար, հայցելով անոնց վրայ Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.