2015-01-15 16:45:31

''Ֆիլիփինեան կղզեխումբի պատգամը աղքատներն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դէպի Մանիլա թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպոյէն Մանիլա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 45 վայրկեան տեւողութեամբ զրոյց մը ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ որուն ընթացքին անդրադարձաւ ճամբորդութեան հայող նիւթերու` ինչպէս Սրի Լանքայի ժողովուրդին հաշտութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ անցեալ օրերուն պատահած ահաբեկչական արարքին ու բնապահպանութեան մասին յառաջիկայ ամիսներուն հրապարակուելիք առաքելական թուղթին ։
Պատասխանելով կրօնի ազատութեան ու արտայայտութեան ազատութեան մասին իրեն ուղղուած մէկ հարցումին. Նորին Սրբութիւնը, պատասխանեց թէ ''մտքի արտայայտութեան ազատութիւնը հիմնական մէկ իրաւունք մըն է'' ու ապա կը հաստատէ թէ ''հաւատքն ալ սակայն պէտք չէ երբեք ծաղրանքի ենթարկուի''. ''Կարելի չէ սպաննել յանուն Աստուծոյ'' – ըսաւ Քահանայապետը ու քննադատեց բոլոր անոնք որ յանուն ազատութեան կ՛անարգեն ուրիշներու կրօնը։
Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ բնապահպանութեան մասին հրապարակելիք իր առաքելական թուղթին յայտնելով թէ առաքելական թուղթը պատրաստ կրնայ ըլլալ յառաջիկայ յունիս կամ յուլիս ամիսներուն։ Քահանայապետին նպատակն է որ այդ առաքելական թուղթը սատարէ Փարիզի բնապահպանութեան նուիրուած յառաջիկայ վեհաժողովին որովհետեւ – ըսաւ Ան - Փերուի մէջ գումարուած անցեալ վեհաժողովը զիս յուսախաբ թողուց քաջութեան պակասի պատճառաւ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձաւ մանուկներուն ու պատանիներուն որոնք կը շահագործուին անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու համար` մատնանշելով թէ անձնասպանական գործողութիւնները կեանքի նուիրում է ոչ թէ կառուցելու այլ կործանելու համար եւ թէ մանուկները այս արարքները կատարելով իրենց կարգին կը դառնան ստրուկներ։
Սրբազան Հայրը ապա պատասխանելով Վատիկանի դէմ ահաբեկչական սպառնալիքներու մասին, մտավախութիւն յայտնեց որ այդ արարքները կարենան ձեւով մը վնաս հասցնել իրեն այցելուներուն, եւ թէ Ինք այս վտանգը կը դիմագրաւէ անվախ ու հեզութեամբ։
Զրոյցի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ''հաշտութեան ի սպաս յանձնախումբերու'' մասին` իր նեցուկը յայտնելով բոլոր այն հաւասարակշիռ ջանքերուն որոնք կը միտին լուծումներ գտնել հարցերուն։ Ան ակնարկեց Սրի Լանքայի նախագահին խօսքերուն որով նախագահը Նորին Սրբութեան յայտնած էր թէ իր փափաքն է ընթանալ խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհով ու մասնաւորապէս ''ժողովուրդին մէջ ստեղծել ներդաշնակութիւնը'' որ – ըսաւ Քահանայապետը – խաղաղութենէ ու հաշտութենէն աւելի է։ Այս մէկը իրագործելու համար – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - հարկաւոր է հասնիլ ժողովուրդին սրտին։
Լրագրողներու հետ հանդիպումը վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին փոխանցած մաղթանքներով` Իտալական ''Անսա'' լրատու գործակալութեան գործունէութեան 70 ամեակին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.