2015-01-15 11:07:28

Ֆիլիփինեան կղզեխումբը


(Ռատիօ Վատիկան) Մալէզիայէն եւ Ինտոնէզիայէն եկած մահմետականները, ԺԳ-րդ դարուն կ՝արշաւեն Ֆիլիփինեան կղզեխումբը, ապա 1565 թուին կը հասնին Մանիլա Քաղաք։
1570ին, Սպանական թագաւորութիւնը կը տիրապետէ կղզեխումբի մեծամասնութեան վրայ ի բացառեալ Մինտանաօ կոչուած կղզիէն, որ 1898 ին, սպանական եւ ամերիկեան պատերազմի աւարտին, սպանացիները զայն կը զիջին ամերիկացիներուն։
Համաշխարհային Բ պատերազմին ընթացքին, Ճափոնցիները կը գրաւեն կղզեխումբը ապա Ամերիկացիներու միջնորդութեամբ կղզեխումբը կ՝ազատագրուի։
4 յուլիս 1946ին, Ֆիլիփինեան կղզեխումբը իր անկախութիւնը կը հռչակէ եւ կը դառնայ հանրապետութիւն։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբը կազմուած է 3000 կղզիներով, անոր տարածքն է 300 հազար մեթր քառակուսի եւ ունի 99.120,000 բնակչութիւն։
Բնակչութեան մեծամասնութիւնը Մալէզական եւ Բոլինէզիական ծագումով են, եւ բաժնուած են զանազան ցեղային խմբակներով որոնց շարքին նաեւ Չինացիներ։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբի պաշտօնական լեզուն՝ Ֆիլիփինեան եւ Անգլերէն լեզուներն են, հոն կը խօսուի նաեւ 10 տարբեր տեղական բարբառներ։
Կղզեխումբի բնակչութեան 82 տոկոսը Կաթողիկէ հաւատացնելներ են, 12 առ հարիւրը կը պատկանին տարբեր քրիստոնէական դաւանանքներու, 5 առ հարիւրը մահմետականներ են , իսկ մնացած 2 առ հարիւրը Պուտտայականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.