2015-01-15 09:42:15

Պենետիկտոս ԺԶ մշակութային հաստատութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ անուան մշակութային հաստատութեան նախաձեռնողն է Քոլոմպօ թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մալքոլմ Ռանժիթ, նպատակ ունենալով համագործակցելու երկրի իշխանութիւններուն եւ այլ կազմակերպութիւններուն հետ միասին, նպաստելու համար երկրի վեռակառուցողական աշխատանքներուն, յաւարտ քաղաքացիական պատերազմին որ երեք տասնեակներու ընթացքին բազմաթիւ աւերներ յառաջացուց։
Հաստատութիւնը, որուն ձեռնարկումը սկիզբ առաւ 2011-ին, ունի Միջկրօնային եւ համագործակցութեան բաժանմունք, լեզուագիտական բաժանմունք՝ ուսուցանելու համար օտար լեզուներ սկսեալ անգլերէն լեզուէն, ապա ունի բարձրագոյն գիտութեան բաժանմունք ուր կը դասաւանդուի Մարդագիտութիւն, Աստուածաբանութիւն եւ իմաստասիրութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.