2015-01-15 09:38:03

Լանքայի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը:


(Ռատիօ Վատիկան) Լանքայի Տիրամօր սրբավայրը կը գտնուի, Սրի Լանքայի Քոլոպմօ քաղաքէն 35 քմ հեռաւորութեան վրայ Պոլավալանայի շրջանին մէջ։
1940 թուին, համաշխարհային Բ պատերազմին, Քոլոմպոյի թեմի արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ժան Մարի, ուխտ կատարեց Տիրամօր՝ կառուցելու Իրեն նուիրուած Սրբավայր մը եթէ՝ երկրին մէջ վերջ գտնեին բախումներն ու հակամարտութիւնները։
1946 ին, Արքեպիսկոպոսը, արտօնութիւն ստացաւ Վատիկանէն կառուցելու Լանքայի Տիրամօր նուիրուած սրբավայր մը։
1948ին, Պիոս ԺԲ քահանայապետը, Մայր Պէրնատէթը հռչակեց Սրի Լանքայի Պաշտպան սրբուհի։
Սրբավայրին շինարարական աշխատագները սկսան 4 փետրուար 1951ին. Անոր մէջ գտնուող Տիրամօր արձանի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Վատիկանի մէջ Պիսո ԺԲ Քահանայապետի կողմէ, ապա արձանը ուղարկուեցաւ կղզի՝ 1952 թուականին։
Սրբավայրին շինարարական աշխատանքներու աւարտին, Սրբավայրի օծումը կատարուեցաւ 1974ին մասնակցութեամբ երկիր բոլոր եպիսկոպոսներուն ու գլխաւորութեամբ թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Թոմաս Քուրայի։







All the contents on this site are copyrighted ©.