2015-01-14 09:46:31

''Կրօնի ազատութիւնը հիմնական իրաւունք մըն է'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը` Ճոզէֆ Վազի սրբադասման արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սրի Լանքա կատարած առաքելական այցելութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան 8,30-ին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ''Կալ Ֆիյս Կրին'' տարածքին մատուցած բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ հռչակեց Երանելի Ճոզէֆ Վազը, որ 20 տարիներ առաջ` 1995-ին, ճիշդ նոյն վայրին մէջ երանելի հռչակուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ, երջանկայիշատակ Քահանայապետին Սրի Լանքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Երանելի Ճուզէֆ Վազի սրբադասման արարողութեան ընթացքին, 500 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ընդգծել թէ կրօնի ազատութիւնը հիմնական իրաւունք մըն է եւ թէ ամէն անհատ իրաւունք ունի ազատօրէն փնտռելու ճշմարտութիւնը ու արտայայտելու իր կրօնական համոզումները ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, առանց արտաքին որեւէ ճնշումի կամ ազդեցութիւններու։
Այնպէս ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Սուրբ Ճոզէֆ Վազը, Աստուծոյ իսկական պաշտամունքը մեզ կը մղէ ոչ թէ խտրականութեան, ատելութեան եւ բռնութեան այլ կեանքի սրբութեան յարգանքին, եւ ուրիշներու արժանապատուութեան ու ազատութեան յարգանքի, ինչպէս նաեւ բոլորին բարեկեցութեան ի սպաս սիրոյ յանձնառումին։
Իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց նաեւ թէ Սուրբ Ճոզէֆ Վազը առաջնորդն է բոլոր անոնց որ կը քալեն քահանայական ճամբուն վրայ եւ թէ Ան օրինակ մըն է յաղթահարելու կրօնական բաժանումները` ի սպաս խաղաղութեան։
Սուրբ Ճոզէֆ Վազի սէրը Աստուծոյ ու մերձաւորին հանդէպ ու անոր նուիրումը ի սպաս ուրիշներուն այսօր եւս օրինակ մըն են Սրի Լանքայի Եկեղեցւոյ որ իր ծառայութիւնը կը մատուցէ անխտիր բոլոր ցեղի, հաւատքի, ընկերային ու կրօնական խաւերու պատկանող անհատներուն։
Սուրբ Ճոզէֆ Վազը գիտէր ինչպէս ներկայացնել Աւետարանի ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը բազմակրօն միջավայրի մէջ, յարգանքով, նուիրումով, յարատեւութեամբ եւ հեզութեամբ։ ''Այս է ահա Յիսուսի հետեւորդներու ճանապարհը, ամէնքը կանչուած են դուրս ելլելու եւ միեւնոյն քաջութեամբ` միսիոներական աշակերտներ հանդիսանալու'', ըսաւ Քահանայապետը կոչ ուղղելով Սրի Լանքայի քրիստոնեաներուն աւելի մեծ ուժով սատարելու խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաշտութեան հաստատումին Սրի Լանքայի հասարակութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.