2015-01-13 11:36:52

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յղած հեռագիրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Սրի Լանքա տանող առաքելական ճամբորդութեան թռիչքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը, աւանդութեան համաձայն, հեռագիրեր ուղղեց բոլոր այն երկիրներուն որոնց օդային տարածքին վրայէն անցաւ. Իտալիա, Ալպանիա, Յունաստան, Թուրքիա, Իրան, Աբաբական միացեալ թագաւորութիւն, Օմանի եւ Հնդկաստան։
Իտալիոյ նախագահի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթանք յայտնեց Իտալիոյ ժողովուրդին, միասնականութեան, հոգեկան եւ ընկերային անդորրութեան ի սպաս։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կը ճամբորդեն, աշխարհի զանազան երկիրներէն 76 լրագրողներ ու թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուզեց մէկիկ մէկիկ բարեւել զանոնք անոնց մաղթելով բարի աշխատանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.