2015-01-13 14:35:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Սրի Լանքայի կրօնապետերուն հետ` ''Այժմ կարիքը կայ վերակառուցումին ու միութեան եւ ոչ թէ այլ հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 յունուար 2015-ի երեկոյեան 18,15-ին (Հռոմի ժամով 13,45-ին) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Սրի Լանքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Երկրին զանազան կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ Քոլոմպոյի ''Bandaranaike Memorial Intren. Conference Hall'' դահլիճին մէջ, ուր համախմբուած էին Պուտտայական, Հինդու, Մահմետական ու Քրիստոնեայ կրօններու ներկայացուցիչներ։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար ինչպէս նաեւ անոնց ներկայացուցած աղօթքներուն եւ օրհնութիւններուն համար։
''Սրի Լանքա հասայ իմ նախորդներուս հետքերուն վրայ ` Պօղոս Զ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայատները, բացայայտելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու սէրը Սրի Լանքային հանդէպ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը յայտնելով թէ ''հոս` ձեր հետ գտնուիլը շնորհք մըն է, այրեր ու կիներ որոնք կը ներկայացնեն երկրին կրօնական աւանդութիւնները եւ որ մեր հետ կը կիսեն իմաստութեան, ճշմարտութեան եւ սրբութեան իղձը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին որ այլ կրօններուն հանդէպ խոր յարգանքի ցուցաբերում յայտարարած է ու ըսաւ ''Իմ կարգիս կ՛ուզեմ վերահաստատել այդ խոր յարգանքը ձեզի, ձեր աւանդութիւններուն ու ձեր համոզումներուն նկատմամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յայտնեց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը փափաքի համագործակցիլ իրենց ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ` ի սպաս Սրի Լանքայի ժողովուրդի բարգաւաճումին ու մաղթեց որ իր այս առաքելական այցելութիւնը ամրապնդէ միջ կրօնական երկխօսութիւնն ու համամիութենական համագործակցութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց երկխօսութեան ու բարի համագործակցութեան հարկաւորութեան ու այդ փորձառութենէն յառաջացած դրական քայլերուն, որոնք կարեւոր իմաստ մը կը ստանձնեն Սրի Լանքային համար, ի տես տարիներու ընթացքին տեղի ունեցող բախումներուն եւ քաղաքացիական պատերազմին։
''Այժմ կարիքը կայ վերակառուցումին ու միութեան եւ ոչ թէ այլ հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յոյս յայտնելով որ կրօնական համագործակցութիւնը սատարէ այս գործին` փոխադարձ յարգանքով եւ առանց որ կողմերը հրաժարին իրենց ցեղային կամ կրօնական ինքնութենէն ։
Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ աղքատներու հոգեկան եւ նիւթական կարիքներու հոգատարութեան կարեւորութեան ու մաղթեց որ կրօնական հասարակութիւնները յանձնառումով աշխատին Սրի Լանքացիներու հաշտութեան ի սպաս ու թոյլ չտան որ կրօնը շահագործուի պատերազմի եւ բռնութեան համար։
''Յստակ ըլլալու ենք ու մեր հասարակութիւնները հրաւիրելու ենք լիապէս ապրելու խաղաղութեան եւ համակեցութեան պատուէրները որ ամէն կրօնի մէջ ներկայ են, եւ դատապարտելու բռնութեան բոլոր արարքները.
Մեր այս եղբայրական հանդիպումը թող վերահաստատէ մեր ջանքերը ապրելու ներդաշնակութեամբ ու տարածելու խաղաղութեան օրհնութիւնները եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.