2015-01-13 14:18:04

Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը


Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը: «Կը դատապարտենք Հալէպի հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ռիթա եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը, որուն պատճառով լուրջ վնասներ արձանագրուեցան: Սրբավայրերուն դէմ ոտնձգութիւնները անընդունելի են եւ ցոյց կու տան անոնց հեղինակներուն բարբարոսական եւ վայրագ բնոյթը: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է բազմապատկէ ջանքերը` կանխելու նման յանցագործութիւններ, բացառելու քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու եւ սրբավայրերու դէմ ուղղուած ոճրագործութիւնները», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.