2015-01-13 11:51:52

Բազմահազար Սրի Լանքացիներ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպոյի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Քոլոմպոյի առաքելական պատուիրակութիւն որ օդակայանէն 28 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ որ երեք օրուայ համար կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին բնակավայրը։
Քոլոմպօ քաղաքը եղած է Սրի Լանքայի մայրաքաղաք մինչեւ 1978 թուական երբ ապա մայարքաղաքը փոխադրուեցաւ ''Sri Jayawardenapura Kotte'' թէեւ Քոլոմպոն մնաց երկրին առեւտրական ու տնտեսական կեդրոն իր 600 հազար բնակչութեամբ։
Քոլոմպօ թեմին Արքեպիսկոպոսն է գերապայծառ Մալքոլմ Ռանժիթը։ Սրի Լանքայի եկեղեցին ունի մէկ Արքեպիսկոպոսական թեմ ու տասը եպիսկոպոսական թեմեր։ Սրի Լանքայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 20 եպիսկոպոսներէ։
Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը կը նախատեսէր համ դիպում եպիսկոպոսներուն հետ սակայն բարի գալուստի արարողութեան եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին օդակայանէն դէպի Քոլոմպօ տեղափոխութեան երկարութեան պատճառաւ, հանդիպումը չեղեալ նկատուեցաւ։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Քոլոմպոյի օդակայանէն փոխադրուեցաւ ''Քահանայապետական ինքնաշարժով'' ու մինչեւ քաղաքի կեդրոն տանող ճանապարհի վրայ հազարաւոր Սրի Լանքացիներ ծափողջոյններով եւ ուրախութեան աղաղակներով դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը որ Սրի Լանքայի օրաթերթերը որակեցին որպէս խոնարհ ու հետ Ղեկաւար` որ կը լուայ աղքատներու ոտքերը։
Քոլոմպոյի արքեպիսկոպոսը յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը արդեն մտաւ ոչ միայն կաթողիկեներուն այլ բոլոր Սրի Լանքացիներուն սրտին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.