2015-01-12 11:10:52

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին` ''Այս տարւոյն սկիզբը իմ սրտագին մաղթանքս է որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 Յունուար 2015-ի առաւօտեան, Յիսուսի ս. Ծննդեան ու ամանորի զոյգ տօներու առթիւ, վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին հետ ունեցած աւանդական հանդիպումին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկարաշունչ ճառ մը արտասանեց իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով դիւանագիտական մարմնին անդամներուն, անոնց պարագաներուն ու բոլոր անոնց ներկայացուցած պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն։
Խաղաղութեան պարգեւը։
Իր Ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը համապատկերը ներկայացուց 2014-ի անցուդարձներուն, ի մէջ այլոց ըսելով. ''Այսօր կ’ուզեմ ձեր առջեւ ուժգին արձագանգել բառ մը որ մեզի բոլորիս շատ հաճելի է` Խաղաղութիւն բառը, ասիկա մեզի հասաւ հրեշտակային հոյլէն, արտասանուած ս. Ծնունդի գիշերը` ‘’ Փառք Աստուծոյ` բարձունքներուն մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բարեացակամ մարդերուն’’ (Ղուկ. Բ. 14)։
Մերժումի իրականութիւնը։
Խաղաղութեան առընթեր սակայն, մսուրը կը պարզէ ողբերգական այլ իրականութիւն մը` մերժումի իրականութիւնը։ Ծնունդի դէպքերը ցոյց կու տան մարդկութեան անզգամ սիրտը, որ կը դժկամանայ ընդունելու Մանուկը։ Ան եւս անմիջապէս մերժուեցաւ, պաղին ու ցուրտին դուրս ձգուեցաւ ու պարտաւորուեցաւ ծնանիլ ախոռի մը մէջ, ''որովհետեւ իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ'' (Ղուկ. Բ. 7)։ Ասիկա մտայնութիւնն է մերժումի մշակոյթին որ ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կը խնայէ. արարածներէն սկսեալ` մարդը եւ նոյնինքն Աստուած։ Մերժումի մշակոյթէն կը ծնանի վիրաւոր մարդկութիւն մը որ մշտատեւ անտեսուած է ու կը տառապի ամէն տեսակ տագնապներէ ու ընդհարումներէ։ ''Սոյն ողբերգութեան արձագանքը կը յատնուի առօրեայ եղելութիւններուն ընդմէջէն ինչպէս պատահեցաւ վերջերս Փարիզի մէջ'', ընդգծեց Քահանայապետը ու շեշտը դրաւ Հերովդէս թագաւորին վրայ զայն ներկայացնելով որպէս անողորմութեան խորհրդանիշ։ Ան Յիսուս Մանուկին մէջ տեսնելով իր սեփական իշխանութեան սպառնալիքը, սպաննել կու տայ Բեթղեհէմի բոլոր մանուկները։ Հոս, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը, միտքս անմիջապէս կ’երթայ Փաքիստան, ուր մէկ ամիս առաջ աւելի քան հարիւր մանուկներ ջարդուեցան անընդունելի վայրագութեամբ։
Անոնց պարագաներուն կ’ուզեմ վերանորոգել իմ անձնական ցաւակցութիւնս ու աղօթքս` բազմաթիւ անմեղ մանուկներու կեանքի կորուստին համար։
Ստրկացումի մշակոյթը։
Մերժումի անհատական ծաւալը, անխուսափելիօրէն կ’անցնի ընկերային ծաւալէն։ Ուրիշները ''այլեւս նկատուած չեն որպէս էակներ` հաւասար արժանաւորութեամբ, եղբայրներ ու քոյրեր''։ Մարդկային էակը ազատ անհատ ըլլալէ կը դառնայ ստրուկ, ինչպէս ըսի Խաղաղութեան համաշխարհային Օրուան պատգամիս մէջ, նուիրուած արդի ստրկութեան բազմատեսակ երեւոյթներու հարցին։
Պատերազմները
Ցաւով կը նշմարենք ողբերգական հետեւանքը մերժումի մտայնութեան որ կը յառաջացնէ ընդհարումներու ծաւալում, որոնք հոմանիշ են համաշխարհային պատերազմին որ տեղի կ՛ունենայ մաս առ մաս կը կատարուի աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ` սկսեալ Ուքրանիայէն, Միջին Արեւելքէն` Յիսուսի սիրեցեալ հայրենիքէն, որ պատիւը ունեցայ այցելել անցեալ մայիսին։ Այդ հողին համար անխոնջ կը հայցենք խաղաղութիւնը։
Դժբախտաբար Միջին Արեւելքին մէջ տարիներէ ի վեր ականատես ենք արիւնալի ընդհարումներու, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ եւ Իրաքի, որուն հետեւանքներէն մէկն է ահաբեկչութիւնը։ Նման երեւոյթ մը հետեւանքն է Աստուծոյ վերապահուած մերժումի մշակոյթին։
Կրօնական ծայրայեղութեան դատապարտում։

Կրօնական ծայրայեղութիւնը, նախ քան մարդկային էակները մերժելէ, ահաւոր ջարդեր կը գործադրէ։ Աստուած կը մերժէ, շահագործելով Անոր անունը սեփական գաղափարախօսութեան ի շահ։ Յաչս անարդար յարձակումներու քրիստոնեաներու ու այլ ցեղային ու կրօնական խումբերու դէմ, հարկաւոր է միատեղ պատասխան մը տալ միջազգային իրաւունքի ուղիով, վերջ տալու բռնութիւններուն ու հաստատելու ներդաշնակութիւնը ու դարմանելու վէրքերը։ Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն կը դառնայ խեղաթիւրուած Միջին Արեւելք մը։
Մեր կոչը կ’ուղղենք միջազգային հասարակութեան որպէսզի անտարբեր չմնայ նման ողբալի կացութեան մը առջեւ։ Բաղձանքս է որ կրօնական, քաղաքական ու մտաւորական պետերը եւ յատկապէս մահմետականները բացայայտօրէն դատապարտեն կրօնական ծայրայեղութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով Սուրբ Ծննդեան առթիւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղարկած նամակին։
Կիները, Իպոլա համաճարակը, փախստականները եւ աշխատանքի պակասը։
Ան ապա անդրադառնալով Ափրիկեան ցամաքամասին յայտնեց թէ նոյնանման վայրագութիւններ կը կատարուին Նիճերիա, ուր չեն դադրիր բռնութիւնները եւ ուր բնակչութիւնը անխտիր`թիրախ է ահաբեկչութեան։
Ափրիկէի ցամաքամասի քաղաքացիական ողբերգութիւններու մասին խօսելով, Սրբազան Քահանայապետը ներ առեց` Կեդրոնական Ափրիկէն, Սուտանը, Քոնկոն ու Ափրիկեան այլ երկիրները, հաստատելով թէ ''Մոռնալու չենք որ պատերազմները իրենց հետ կը բերեն ահաւոր ոճիրը բռնաբարումի որ մեծ նախատինք մըն է կնոջ արժանաւորութեան դէմ։ Այս երեւոյթը դժբախտաբար ի յայտ կու գայ նաեւ հոն ուր պատերազմ չկայ։ ''Բազմաթիւ կիներ զոհ են բռնաբարումին'', ըսաւ Քահանայապետը մտաբերելով նաեւ ընկերութենէն մերժուած որոշ հիւանդներ` ինչպէս բորոտները, Իպոլա համաճարակի զոհերը եւայլն....։ Հոս կ’ուզեմ հրապարակաւ գովքը հիւսել ու շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն բժիշկներուն, կամաւորներուն ու կրօնաւորներուն որոնք անվերապահօրէն կը խնամեն հիւանդները եւ կը հոգան անոնց պարագաներու ողբերը։ Անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղեմ միջազգային հասարակութեան որպէսզի պատշաճ խնամք տարուի յաղթահարելու այս ախտը։ Բացի պատերազմէն ու հիւանդութենէն, մերժուած մարդոց շարքին կան նաեւ անհամար փախստականներ ու գաղթականներ։ Իմ շնորհակալութիւնս կ’երթայ բոլոր անոնց որոնք օգնութեան կը հասնին գաղթականներուն։ Անոնց կողքին կան նաեւ ծածուկ մերժուածներ` տարեցները որոնք յաճախ կը նկատուին որպէս ընկերութեան համար բեռ մը։

Ընտանիքն ու երիտասարդները։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ գործազուրկ երիտասարդներու մասին հաստատելով թէ ''չկայ աւելի վատ աղքատութիւն մը քան աշխատանքէն զրկումը'' հուսկ մատնանշեց ''Ընտանիքի'' մասին որ իր կարգին դարձած է մերժումի առարկայ, որպէս անմիջական հետեւանք ծաւալող անհատապաշտութեան մշակոյթին ու եսասիրութեան եւ որ օրէնսդրական որոշ կարգաւորութիւններու առընթեր պատճառ կը դառնայ ապածնունդի ողբերգական երեւոյթին։ Կան նաեւ ր որոնք կը սատարեն կենակցութեան զանազան ձեւերու ծաւալումին, փոխանակ պատշաճօրէն օգնելու ընտանիքները` համայն ընկերութեան բարիքին համար։
Խօսելով երիտասարդութեան մասին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց անցեալ Օգոստոսին Քորէա կատարած այցելութիւնը Ասիայի երիտասարդութեան Զ. հաւաքին առթիւ։ ''Խնդրեցի որ աւելի արժէք տրուի երիտասարդներուն, աշխատելով անոնց հաղորդել անցեալի ժառանգութիւնը ու տիրանալ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով որ այս երեկոյեան իսկ ուրախութիւնը պիտի ունենայ դարձեալ Ասիա մեկնելու, այցելելու Սրի Լանքան ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբը։ ''Ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ վկայութիւն տալու Եկեղեցւոյ հոգատարութեան` հանդէպ այդ երկիրներու եւ միաժամանակ յայտնելու անոնց կառավարութիւններուն Ս. Աթոռին իղձը իր սատարը բերելու հասարակաց բարիքին համար, ներդաշնակութեան ու ընկերային համերաշխութեան։ Մասնաւորապէս կը մաղթեմ որ վերսկսի երկխօսութիւնը երկու Քորէաներու միջեւ, որոնք եղբայրներ են ու միեւնոյն լեզուն կը խօսին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Յոյսի նշոյլներ։
Այս նոր տարւոյն սկիզբը չենք ուզեր որ յոռետեսութիւնը, դերութիւնները եւ պակասութիւնները գերիշխեն։ Կ’ուզենք գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ` Անոր շնորհած բոլոր պարգեւներուն համար, սկսեալ շռայլած այն բարիքներէն, ինչպիսի են երկխօսութիւնները, հանդիպումները ու խաղաղութեան որոշ իրականութիւնները, որ ուրախութիւնը ունեցայ ըմբոշխնելու Ալպանիա կատարած այցելութեանս ընթացքին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա խօսքը կեդրոնացուց` Թուրքիա, Իսրայէլ ու Յորդանան կատարած ճամբորդութիւններուն ուր` ըսաւ Ան ''կարողացայ նշմարել պտուղը համամիութենական ու միջկրօնական երկխօսութեան''։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի իրավիճակի մասին մաղթանք յայտնելով լուծում գտնել ներկայ քաղաքական դժուարութիւններուն։
Համաձայնութիւն` Քուպա – Միացեալ Նահանգներ...
Ինծի շատ սիրել է օրինակը թէ ինչպէս երկխօսութիւնը կարող է իր պտուղը բերել - ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով Քուպայի եւ ԱՄՆի որոշումին,խզելու կէս դարու լռութիւնը ու դիւանագիտական կապեր վերահաստատելու։ Ան ապա նշեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ ստորագրուած համաձայնութիւնը որ վերջ կը դնէ երկար տարիներու լարուածութեան։ Քոլոմպիայի մէջ յանձնառումը ի սպաս մնայուն խաղաղութեան հաստատումին, եւ Վենիզուէլայի մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները վերահաստատելու ներդաշնակութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ։ Քահանայապետը հուսկ գոհունակութիւն յայտնեց ի տես ԱՄՆին որոշումին վերջնականապէս փակելու Կուանթանամոյի բանտը։
ՄԱԿի 70-րդ ամեակ։
Գերապատիւ տիկնայք ու պարոնայք` ըսաւ ապա Քահանայապետը, 6 Օգոստոս 1945-ին մարդկութիւնը ականատես եղաւ իր պատմութեան ամենէն աղետալի դէպքին` մարդու կործանարար իշխանութիւնը որուն յաջորդեց Բ համաշխարհային պատերազմը։ Ազգերու միջեւ հարկաւորութիւնը զգացուեցաւ ստեղծելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, որուն այս տարի պիտի յիշատակուի ստեղծման 70 ամեակը։ 50 տարիներ առաջ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը ոգեկոչելով միլիոնաւոր մարդոց արիւնը բացականչեց ''բնաւ երբեք պատերազմ'' Խաղաղութիւնը պէտք է առաջնորդէ վախճանը ժողովուրդներուն ու համայն մարդկութեան։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր ճառը եզրափակեց ըսելով ''այս տարւոյն սկիզբը իմ սրտագին մաղթանքս է որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի։ Այս զգացումներով կը վերանորոգեմ 2015-ի իմ բարեմաղթութիւններս` յոյսի ու խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.