2015-01-12 11:43:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Սրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբ. ''Ասիան Քահանայապետին սիրտին մէջն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 7-րդ առաքելական ճամբորդութեան հանգրուաններն են Սրի Լանքան ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբը, 12-19 Յունուար։ Քահանայապետը Ասիա կը վերադառնայ Քորէա կատարած ճամբորդութենէն վեց ամիսներ ետք։ Առաքելական ճամբորդութեան մասին գրելով Արժանթինցի լրագրող եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բարեկամ Եորկէ Միլիա կը յայտնէ թէ ''Ասիան պատմականօրէն միշտ եղած է Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութեան ու հոգատարութեան առարկայ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յիսուսեան միաբան մըն է։ Այսօր աշխարհի կաթողիկէներու միայն երեք տոկոսը Ասիա կ’ապրի։ Սակայն վատիկանեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան որ անցեալ տարի Ասիայի մէջ մկրտեալ կաթողիկէներու թիւը աւելի բարձր էր քան Եւրոպայի մէջ մկրտեալներու թիւը։ Կաթողիկէները Ասիայի մէջ շատ գնահատուած հասարակութիւն մըն են իրենց տածած աշխատանքին համար, դաստիարակչական ու ընկերային մարզերուն մէջ։ Կաթողիկէները մասնաւորապէս միջակ դասակարգի կը պատկանին։ Եկեղեցին կ’աշխատի տարածել իր աւետարանական քարոզչութիւնը ընկերութեան ժողովրդային խաւէն ներս, հիմնուելով մանաւանդ աշխարհականներու առաքելութեան վրայ։
Խօսելով Չինաստան - Վատիկան կապերուն մասին Եորկէ Միլիա յայտնեց. ''Չինաստան եւ Վատիկան 1951էն ասդին դիւանագիտական կապեր չունին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի միջոցաւ այդ դիւանագիտական կապերու վերահաստատման ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը տանի ու առաջին նախաձեռնութիւնը եղաւ երբ նախքան Քորէա մեկնիլը, Չինաստանէն արտօնութիւն խնդրել որ քահանայապետական օդանաւը կարողանայ սաւառնիլ չինական անջրպետի վերեւ։ Չինաստանը որ մերժած էր արտօնութիւն տալ ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին իր հողին վերեւ սաւառնելու 1989-ին, ընդառաջեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խնդրանքին։ Ասիկա կարելի է կարդալ որպէս առաջին քայլը որոշ մօտեցումի։
Տարակոյս չկայ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նկատուած է որպէս խաղաղութիւնը փնտռող համաշխարհային գլխաւոր առաջնորդ։ Առաքելութիւն մը որ կը խորհիմ, յառաջ կը տանի պարզապէս բոլորէն խնդրելով. ‘’ինծի համար աղօթեցէք’’ կը յայտնէ Եորկէ Միլիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.