2015-01-12 10:47:40

Վալենսիայի Հայերը “Charlie Hebdo”-ի զոհերու յիշատակին Սուրբ Պատարագ մատուցած են


Ֆրանսական “Charlie Hebdo” շաբաթաթերթի խմբագրութեան դէմ իրականացած ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագ մատուցուած է Վալենսիայի Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie ամսագիրը:
Սուրբ պատարագի մասնակիցները Տէր հայր Անդրանիկ Մալտճեանի առաջնորդութեամբ նաեւ ծաղիկներ դրած են հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած խաչքարին դիմաց:
Արարողութեան մասնակից երիտասարդներէն շատերը “ես Charlie եմ” կարգախօսով պաստառներ պահած են, իսկ հայր Անդրանիկ Մալտճեան Հայ եկեղեցւոյ համերաշխութիւնը յայտնած է սպաննուած ծաղրանկարիչներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, ապա ծաղկեպսակ դրած խաչքարին առջեւ:
Նահատակներու յիշատակին մահախօսական կարդացած է վալենսացի ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզեանը, որ խստօրէն քննադատած է խօսքի, կարծիքի ազատ արտայայտման եւ ծաղրանկարի դէմ այս կոպիտ ոտնձգութիւնը: “Մենք՝ հայերս, առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք աշխարհի մէջ եւ բազմիցս տուժած ենք մեր զաւթիչներու բարբարոսութիւններէն եւ յատկապէս կրօնական անհանդուրժողականութենէն:
Մենք պէտք է աւելի քան երբեւէ յայտնենք մեր համերաշխութիւնը Ֆրանսային: Հայերը շատ ծանր գին վճարած են կրօնական ատելութեան պատճառով: Այսօր այդ ամէնը հասած է Արեւմուտք. Եւրոպան կ’անցնի այն ամէնի մէջէն, որ Հայաստանը անցած է վերջին դարերուն եւ անգամ քսանմէկերորդ դարուն, երբ Ատրպէյճանը հարիւրաւոր հայկական խաչքարեր ոչնչացուց Նախիջեւանի Նոր Ջուղայի մէջ”,- ըսած է Գրիգոր Ամիրզայեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.