2015-01-11 12:57:23

''Աղօթեցէք Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեանս համար'' խնդրեց Ֆրանչիսկոս Պապը` Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 11 Յունուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեամբ մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ օրուան ծիսական տօնակատարութեան մասին` Յիսուս մկրտութիւնը Յորդանան գետնի մէջ։ Մեկնաբանելով աւետարանական հատուածը ըսաւ ''այն ատեն որ Յովհաննէս Մկրտիչը Յիսուսին կը շնորհէ մկրտութիւնը ''երկինքը կը բացուի''։ Այս կը նշանակէ թէ Աստուած իր շնորհքը պարգեւեց որպէսզի երկիրը իր պտուղները տայ։ Երկիրը դարձաւ Աստուած բնակավայրը, Անոր Միածին Որդոյն մարդեղութեամբ, ու մեզմէ ամէն մին կարելիութիւնն ունի հանդիպելու Աստուծոյ Որդոյն փորձարկելով Անոր սէրն ու Անոր անհուն ողորմութիւնը, ըլլայ սուրբ խորհուրդներուն մէջ ու ըլլայ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց , Անոր կրնանք հանդիպիլ նաեւ մեր եղբայրակիցներուն մէջ, յատկապէս աղքատներուն, հիւանդներուն. գաղթականներուն ու բանտարկեալներուն մէջ, որոնք Քրիստոսի տառապող մարմինն են եւ անտեսանելի Աստուծոյ տեսանելի պատկերները։
Սրբազան Հայրը հուսկ խօսեցաւ Սուրբ Հոգւոյն գալստեան մասին, աղաւնիի կերպարանքով ու յայտնեց թէ այս մէկը նոր ուխտի ու Յիսուսի` մեր փրկարար առաքելութեան սկզբնաւորութիւնն է։ Սուրբ Հոգին Քրիստոսի կեանքին մղիչ ուժն է ու Ան առաջնորդն է քրիստոնեայի էութեան։ ''Քրիստոնեայ մը կամ հասարակութիւն մը որ խուլ կը ձեւացնէ ինքզինք Սուրբ Հոգւոյն ձայնին կը դառնայ նաեւ համր` քրիստոնեաներ որ աւետարանելու կարողութիւնը չունին'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Մարիամի` Աստուածամօր ու Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի առաջնորդէ բոլոր մկրատեալները ու անոնց մէջ աճեցնէ սէրը Աստուած հանդէպ, աւետարանի ծառայութեան ուրախութեան մէջ, որպէսզի մեր կեանքը ունենայ լիակատար իմաստ մը։
Մարեմեան աղօթքի աւարտի, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ու ապա յայտնեց թէ վաղը կը մեկնի դէպի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ ու ներկաներէն խնդրեց որ իրեն ընկերանան իրենց աղօթքներով։
Ան ապա վերյիշեցուց ամէն անհատի համար Սուրբ Մկրտութեան թուականի կարեւորութիւնը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի







All the contents on this site are copyrighted ©.