2015-01-10 12:55:35

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Հայիթիի երկրաշարժի 5-րդ տարեդարձին առթիւ Վատիկանի մէջ գումարուած խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 յունուար 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կամքով Վատիկանի Պիոս Ժ անուան դահլիճին մէջ, Հայիթիի մէջ տեղի ունեցող ահաւոր երկրաշարժի 5-րդ տարեդարձին առթիւ, գումարուեցաւ խորհրդաժողով մը որուն բնաբանն է ''Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը. Հայիթիի համար յոյս եւ յիշատակ, երկրաշարժէն 5 տարիներ ետք''։

Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Քահանայապետական բարեսիրական ''Քոր Ունում'' մարմնի եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, Հայիթիի եպիսկոպոսներու համագործակցութեամբ։
Խորհրդաժողովին նպատակն է ''վառ պահել ուշադրութիւնը երկրի մը վրայ որ տակաւին կը տառապի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքէն եւ վերահաստատել Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը Հայիթիի բնակչութեան''։
Շաբաթ 10 յունուարի ժամը 11,30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, առաքելական պալատի Քլեմենթինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց բոլոր ժողովականներուն ու այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ մատնանշելով Հայիթիի երկրաշարժի 5-րդ տարեդարձին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովին կազմակերպիչներուն, յատուկէն շնորհակալական խօսք մը ուղղելով նաեւ բոլոր այն հաւատացեալներուն որոնք վեհանձն օրէն օգնութեան հասան Հայիթիի բնակչութեան փաստ տալով թէ ''Եկեղեցին մեծ ընտանիք մըն է ու անոր անդամները հոգ կը տանին մէկը միւսին''։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ''Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ իրագործուած այս հաղորդութեան մէջ է որ մեր սիրոյ ծառայութիւնը կը գտնէ իր խոր իմաստը ''։
Սրբազան Հայրը ակնարկելով բոլոր այն աշխատանքներուն որ մինչեւ օրս կատարուեցան դիտել տուաւ թէ տակաւին շատ բաներ կան ընելիք ու թէ այս ընթացքին մէջ նկատի առնուելու է մարդ արարածը եւ Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը։
Մարդը Եկեղեցւոյ ներգործութեան կեդրոնն է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – յանձնարարելով թէ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը ըլլալու է օգնութեան հասնիլ մարդուն, իւրաքանչիւր մարդու։ Կարելի չէ վերակառուցել երկիր մը առանց ''անհատի'' վերակառուցումին, իր ամբողջ էութեամբ ու եկեղեցւոյ որեւէ օգնութիւն որպէս կէտ նպատակ ունի մարդուն բարիքը ու անոր հանդիպումը Աստուծոյ հետ։
Խօսելով ապա Եկեղեցական հաղորդութեան մասին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ ինչպէս եկեղեցական զանազան իշխանութիւններու համագործակցութիւնը Հայիթիի մէջ սատարեց արդիւնաբեր աշխատանքի։ ''Հաղորդութիւնը վկայութիւնն է որ սէրը չի մտիր միայն ուրիշին օգնելու այլ դրսեւումն է Եկեղեցւոյ մտերմիկ կեանքի, որովհետեւ հակասական է ''սէրը'' ապրիլ անհատական օրէն ու բաժնուած կերպով'' ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները հզօրացնելու մեթոտաբանութիւնը որ առիթ կ՛ընծայէ միասնաբար աշխատելու։ Եկեղեցական հաղորդութիւնը կը ցոլացուի նաեւ Պետական Իշխանութիւններու եւ միջազգային իշխանութիւններու հետ համագործակցութեան մէջ, որպէսզի բոլորը մէկ սատարեն Հայիթիի ժողովուրդին բարգաւաճումին, հասարակաց բարիքի լոյսին տակ։
Իր ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Հայիթիի եկեղեցւոյ յորդորելով ու քաջալերելով որ ըլլայ միշտ կենսունակ ու պտղատու` Քրիստոսը վկայելուն մէջ ու երկրին բարգաւաճումին իր սատարը տալու` եղբայրական հաղորդութեան միջոցաւ ինչպէս նաեւ աւետարանական ողորմութեան վկայութեամբ, որ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ երբ նեցուկը ունի աղօթքին, Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան եւ սուրբ Խորհուրդներուն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը եզրափակեց բոլորը խրախուսելով շարունակել ճանապարհը ու անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքներն ու օրհնութիւնը։ Մարիամ` մեր Մայրը ձեզ առաջնորդէ ու ձեզի ըլլայ ապաւէն - Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.