Քրիստոնէութեան բարդ իրականութիւնը Ասիոյ մէջ։ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ օտարազգի կրօն։
(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէութիւնը նոյնպէս ծնէր է Ասիոյ մէջ, սակայն տարօրինակ
կերպով մինչեւ օրս ասիական ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կարծիքով նկատուած
է իբրեւ ''տարաշխարհիկ'' կրօն մը, կամ աւելի գէշ` իբրեւ արեւմուտքի նախկին գաղթականներու
կրօն: Սակայն քրիստոնէութիւնը Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տարածուած է դեռեւս
առաջին չորս դարերու ընթացքին: Այս տարածման սկիզբ հանդիսացած է Սուրիան, որտեղէն հասած
է Հնդկաստան` ուր աւանդութեան համաձայն քարոզած է Ս. Թովմաս առաքեալ Ք. Ե.` Ա դարուն,
ետքը հասած է մինչեւ Չինաստան` Թ’անգ արքայատոհմի գերիշխանութեան ժամանակ` նեստորական
Ալոպէն վանականին միջոցաւ, Է դարուն: Ի հեճուկս քրիստոնէութեան 400 տարիներու այս
տարածումին` ԺԶ-րդ դ. Եւրոպական գաղթականութիւնը բազմանալով, քրիստոնէութիւնը գրեթէ կ՛անհետանայ
Ասիոյ մէջ: Պատճառները զանազան են. Մէկ կողմէ կրօններու հսկայ աւանդութիւններու եւ
ասիական հին, արմատացած մշակոյթներու ներկայութիւնը եւ այս երկիրներու մէջ քրիստոնէութիւնը`
երբեք պետական կրօն չհռչակուելու փաստը: Իսկ միւս կողմէ քրիստոնեաներու թիւին սահմանափակումը
եւ կղզիացումը քրիստոնեայ այլ հասարակութիւններէ: Կղզիացում մը, որ ցեղային, դասակարգային
եւ աշխարհագրական բնորոշում ստանալով` դարերու ընթացքին զօրացուց քրիստոնեայ հասարակութիւններու`
օտար եւ բաժնուած մարմին ըլլալու գաղափարը: Մշակութային եւ ընկերային այս հնագոյն ժառանգութիւններուն
աւելցած է նաեւ գաղութատիրութիւնը, որ աւելի եւս կը խորացնէ ասիական հասարակութեան եւ
քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ եղած բաժանումը: Նմանատիպ բաժանումներ ակնյայտ են
յատկապէս հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ: Օրինակ Փաքիստանի մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը
Իսլամ-սիւննիներ են, որոնք կը կազմեն ամէնէն աղքատ խաւը: Քրիստոնեաները կը կազմեն ամբողջ
բնակչութեան միայն 2% , իսկ Հնդկաստանի մէջ քրիստոնեաները կեդրոնացած են աւելի Քերալա`
եւ կը կազմեն բնակչութեան 29%: Վերջին տասնամեակներուն համաշխարհայնացումը աւելի սրեց
այս ընդհարումը ու վերարծարծեց ինքնութեան զգացումները` նպաստելով կրօնական եւ ազգային
ծայրայեղականութեան զարթօնքին: