1 Աստուծոյ Որդիին`
Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը: 2 Ինչպէս *Մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա՛
ես կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու **առջեւէդ. ան պիտի պատրաստէ ճամբադ` քու առջեւդ»: 3
«Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”»: 4
Յովհաննէս կը մկրտէր անապատին մէջ եւ կը քարոզէր ապաշխարութեան մկրտութիւնը` մեղքերու
ներումին համար: 5 Ամբողջ Հրէաստանի երկիրը ու բոլոր Երուսաղեմացիները կ'երթային անոր:
Բոլորը կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ` իրենց մեղքերը խոստովանելով: 6 Յովհաննէս
հագած էր ուղտի մազէ [հագուստ], եւ իր մէջքը [կապած էր] կաշիէ գօտի. իր կերակուրը մարախ
ու վայրի մեղր էր: 7 Ան կը քարոզէր ու կ'ըսէր. «Ինձմէ հզօրը կու գայ իմ ետեւէս: Ես
արժանի չեմ ծռելու եւ անոր կօշիկներուն կապերը քակելու: 8 [Արդարեւ] ես ջուրո՛վ մկրտեցի
ձեզ, բայց ան Սուրբ Հոգիո՛վ պիտի մկրտէ ձեզ»: 9 Այդ օրերը Յիսուս Գալիլեայի Նազարէթէն
եկաւ, ու Յովհաննէսէ մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ: 10 Իսկոյն ջուրէն դուրս ելլելով` տեսաւ
երկինքը բացուած, եւ Հոգին` որ աղաւնիի պէս կ'իջնէր իր վրայ. 11 ու ձայն մը եկաւ երկինքէն`
[որ կ'ըսէր]. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս` որուն հաճեցայ»: 12 Իսկոյն Հոգին անապատը
*մղեց զայն: 13 Քառասուն օր հոն էր` անապատին մէջ` Սատանայէն փորձուած. գազաններու
հետ էր, եւ հրեշտակները կը սպասարկէին իրեն: