2015-01-10 09:49:37

Աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի աճում։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի մէջ կ՛աճի քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը։ Ամենէն աւելի հալածանք կը գործադրուի հետեւեալ երեք երկիրներու մէջ. հիւսիսային Քորէա, Իրաք եւ Սոմալիա, կը տեղեկագրէ ''Word Watch'' ոչ կառավարական միջազգային մարմինը, որ 50 տարիներէ ի վեր օգնութեան կը հասնի իրենց հաւատքին համար հարստահարուած ու հալածուած քրիստոնեաներուն։
Վերոյիշեալ մարմինը, ամէն տարի, ընդհանուր պատկերը կը պարզէ հալածուած քրիստոնեաներուն սկսեալ մէկ Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուայ 31 Հոկտեմբերը։
2014-ի տեղեկագիրի վերլուծումէն ի յայտ կու գայ որ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը աճում կարձանագրէ։ Ցանկին առաջին տասը երկիրներուն մէջ կան ափրիկեան երեք երկիրներ. Սուտանը, Էրիթերիա եւ Նիճերեան։ Իսլամական ծայրայեղութիւնը (իսլամական պետութեան խալիֆայութիւնը), Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ Պոքօ Հարամը, Նիճերիոյ մէջ գլխաւոր վայրերն է ուր առաւելաբար քրիստոնեաները հալածուած են։
Նոյնպէս` քրիստոնեաները որոշ սահմանափակումներ ու նեղութիւններ կը կրեն ոչ մահմետական երկիրներու մէջ, ինչպէս Հնդկաստանի մէջ, որ կը կառավարուի Ինդու կրօնական դրոշմ ունեցող ազգայնամոլ կուսակցութենէն, այդ երկիրնեու շարքին է նաեւ իսլամական արդարութիւն ու բարգաւաճում Էրտողանի կուսակցութենէն կառավարուած Թուրքիան։








All the contents on this site are copyrighted ©.